Thursday, April 13, 2023
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
APRIL 12, 2023 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Մշակոյթ

Արարատի Վեհափառ Հպարտութեամբ՝ Վահագնաշունչ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅը

by ara-asbarez
June 6, 2017
in Մշակոյթ, ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, Սիւնակներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

0607vazkenshoushanian3«Կ՛անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,– ինչ որ կը մնայ հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա, այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը մր-մնջել:

«…Կ՛անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ՛անցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կ՛անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները՝ իրենց սուտ իմաստութեամբ: Հայոց ազգ, քայլերդ դուրս մի նետեր այս (բարձրա)աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն: Եթէ նոյնիսկ բազուկներդ չկրնան հրացան բռնել՝ մագիլներովդ ճանկէ արդարութիւնդ, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս անգամ մը եւս ողնաշարդ ծռել, ողջ հասակովդ ընկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ: Աւելի լաւ է սողալ այստեղ, քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ: Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն:

Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ՝ հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…»:

0607vazkenshoushanian 1930ականներուն իբրեւ օրագրութիւն թուղթին յանձնուած այս խորհրդածութիւններն ու անոնց խտացուցած ազգային մեծ պատգամը մենք ժառանգած ենք Վազգէն Շուշանեանէն, որ հայ մտքի ու գրականութեան անմահ մեծերու փաղանգին մէջ իր արժանաւոր տեղը նուաճեց, մեր սերունդներուն գաղափարական ուղին լուսաւորեց եւ ազգային մեր յիշողութիւնը ջերմացուց ամբողջական հայու աւանդին սփիւռքեան ճառագայթումով:

2 Յունիսին լրանացաւ մահուան 76րդ տարելիցը արեւմտահայ արձակի բարձրաթռիչ սլացքը, հայ ազգային գաղափարախօսութեան սանձակոտոր թափը եւ դաշնակցական մարտունակութեան անսպառ եռանդը հայոց սերունդներուն բաշխած մեծն Շուշանեանի, որուն ծննդեան 115ամեակն է այս տարի:

2 Յունիս 1941ին, փարիզեան հիւանդանոցի մը մէկ անկիւնը ծանր թոքատապով անկողնին գամուած, Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհը ապրող ողջ աշխարհէն մոռցուած, բայց համայն աշխարհի եւ մարդկութեան, այլեւ ու մանաւանդ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր վտիտ ուսերուն շալկած՝ մեր կեանքէն անդարձ մեկնեցաւ Վազգէն Շուշանեան:

Միայն 39 տարի ապրեցաւ Շուշանեան, բայց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը նուաճեց իբրեւ տաղանդաւոր այն արձակագիրն ու հրապարակագիրը, որ մարմնաւորեց մեր ժամանակներու ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅու իւրայատուկ կերպարը՝ ԱՄԲՈՂæԱԿԱՆ ՀԱՅու հաւատարմութեամբ, թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ, մանաւա՛նդ, իր գրական վաստակով:

0607vazkenshoushanian1 1902ին Ռոտոսթօ ծնած եւ մանկութեան ու պատանութեան տարիները աքսորի եւ պանդխտութեան, արեան ու արհաւիրքի ճամբաներուն վրայ մաշեցուցած զգայուն տղայ մըն էր Վազգէն Շուշանեան: Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին զոհ գացած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն անդարմանելի կորուստը աւելիով ծանրացուց եւ խորագոյն խոց բացաւ հայրենի իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած հայ որբի շուշանեանական ներաշխարհին վրայ: Եւ ճակատագիրը ո՛ւր որ տարաւ զինք՝ Հալէպ, Պոլիս, Հայաստան թէ Ֆրանսա, Վազգէն Շուշանեան ամէնուր երգի վերածեց Հայուն մեծ Վէրքը՝ սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներուն ամէնէն փնտռուած եւ սիրուած հեղինակը դառնալով:

Արբունքի տարիքը հազիւ թեւակոխած՝ ան ցմրուր ճաշակեց Մեծ Եղեռնի ահաւորութիւնը. որբացած հասաւ Հալէպ եւ հայու սեւ ճակատագիրէն իրեն բաժին ինկած թշուառութիւնն ու տառապանքը կոփեցին Վազգէն Շուշանեանի մէջ վերապրելու անկոտրում կամքը, կեանքի եւ սիրոյ պաշտամունքը, կորսուած Հայաստանը արեան իւրաքանչիւր հիւլէին եւ մարմինի իւրաքանչիւր բ«ն մէջ վերագտնելու եւ ապրեցնելու յեղափոխական ցասումը, բայց յատկապէս Արարատի վեհութեամբ հպարտ ՀԱՅը:

Այդ բոլորը եւ փարիզեան ազատութեանց մէջ իր ուղին հարթող Արմատախիլ Հայու երիտասարդական տարերքը հայ գրականութեան մատուցուեցան բանաստեղծական հմա-յիչ շունչով՝ Շուշանեանի «Մթին Պատանութիւն», «Առաջին Սէրը», «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը», «Գարնանային», «Օրերը Գեղեցիկ Չեն», «Մարդ Մը, Որ Արարատ Չունի Իր Հոգւոյն Խորը» եւ միւս անկորնչելի վիպակներով ու վէպերով:

Վազգէն Շուշանեան պայքարի մարդ էր եւ կրցաւ, իր ուսումնատենչութեամբ ու վերապրումի կամքով, Հալէպի որբանոցային կեանքէն վեր բարձրանալ, Զինադադարէն ետք վերադառնալ Պոլիս, ընդունուիլ Արմաշի Գիւղատնտեսական վարժարանը եւ 1920ին, երբ ամբողջ դպրոցը իր աշակերտութեամբ Հայաստան տեղափոխուեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին օրերուն, Շուշանեան իր կարգին անցաւ Հայաստան, ուր եւ մնաց վարժարանի գործունէութեան ութ ամիսներուն ընթացքին: Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, արդէն դաշնակցական երիտասարդ գործիչ, Վազգէն Շուշանեան վերադարձաւ Պոլիս, ուր ուսուցչութեան կողքին աշխատակցեցաւ Կոստան Զարեանի եւ Յակոբ Օշականի հռչակաւոր «Մեհեան» գրական պարբերականին:

0607vazkenshoushanian2 1922ին Վազգէն Շուշանեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Ֆրանսա, Փարիզ եւ Մարսէյլ, ուսումը շարունակելու նպատակով: Ապրուստն ու կեցութիւնը ապահովելու համար բանուորութիւն ըրաւ եւ սեփական մորթին վրայ զգաց դրամատիրական կարգերու ահաւոր անարդարութիւնը: Վկայուեցաւ Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չառաւ ուսումնառութեան ճամբու կէսին: Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930ին վկայուեցաւ ընկերային գիտութեանց մէջ:

Քսանականները ոչ միայն ուսումնառութեան, այլեւ գրական արգասաբեր ստեղծագործութեան եւ ազգային–հասարակական ու գաղափարական–կուսակցական բուռն գործունէութեան եռուն շրջան եղան Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ: ՀՅԴ Ֆրանսայի կազմակերպութեան աշխոյժ գործիչներէն եղաւ, ուսանող տարիքին իսկ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ, 1925ին միացաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, որ հրատարակութեան իր երկրորդ շրջանը կը սկսէր Փարիզի մէջ, Սիմոն Վրացեանի խմբագրապետութեամբ եւ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի իբրեւ օգնական խմբագիրի աշխատակցութեամբ:

Հայ ազգային–ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդին օտար ափերու վրայ վերաշխուժացման այդ դժուարին շրջանին, Շուշանեան հրապարակագիրը ի յայտ եկաւ իր ամբողջ խորութեամբ եւ քննադատական տարերքով: Յատկապէս ընկերվարական շարժման վերաշխուժացման զուգադիպած այդ ժամանակաշրջանին, Շուշանեան ներկայացուց «Դրօշակ»ն ու Դաշնակցութիւնը Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ՝ դառնալով արժանաւոր յաջորդը Միքայէլ Վարանդեանի:

Եւ որքան յառաջացաւ ինքնահաստատման այդ երեք ուղղութիւններուն՝ գրական ստեղծագործութեան, ընկերային–գաղափարական հրապարակագրութեան եւ ՀՅԴ կազմակերպչական աշխոյժ գործունէութեան ճակատներուն վրայ, այնքան խստապահանջ դարձաւ Շուշանեան ե՛ւ իր անձէն, ե՛ւ իր մտաւորական ու կուսակցական շրջապատէն:

Հայրենի հողէն պոկուած արմատախիլ հայն ու ֆրանսական ազատութեան մէջ կազմաւորուած սփիւռքահայը եզակի դաշնադրութիւն մը յառաջացուցին Շուշանեանի մտածողութեան եւ ստեղծագործական տարերքին մէջ:

– Նոր Հայու ինքնահաստատումը դարձուց կիզակէտը իր կեանքին ու բոցաշունչ ստեղծագործութեան:

– «Նահանջը առանց երգի» ապրող շահնուրեան զինաթափ Սփիւռքահայուն՝ հակադրեց «իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող» Մարդու շուշանեանական հերոսականութիւնը:

– Քաղքենիութեան անձնատուր եւ յանուն նիւթապաշտութեան «ֆրանսացի» դարձած հայուն՝ հակադրեց աշխատաւոր մարդկութեան մեծ ընտանիքին եւ անոր մարտունակ պայքարին մէջ իր ազատագրման ուղին գտած յեղափոխական հայը:

– Տարագրութեան դատապարտուած Դաշնակցութեան կազմակերպական ղեկին կանգնած պահպանողական գործիչներուն հակադրեց Աղբիւր Սերոբներու յեղափոխական խստապահանջութեան նոր ուղիներ հարթող Դաշնակցական հերոսի իր մտատիպարը:

Հետեւանքը տխուր պատմութիւն է, բայց երբեք ողբալի:

Վազգէն Շուշանեան ամբողջ էութեամբ մխրճուեցաւ Դաշնակցութեան ներ-կուսակցական պայքարներու ոլորապտոյտին մէջ: Թէեւ հետագային անդրադարձաւ եւ շատ արագ ու կտրուկ սրբագրեց իր մոլորանքը, բայց Շուշանեան եղաւ նաեւ առաջին սփիւռքահայը, որ զոհ գնաց խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին… պոլշեւիկեան ներշնչումով պայքար՝ որ Դաշնակցութեան ներքին պառակտումը հրահրելով՝ հետամուտ էր տարագիր ողջ հայութիւնը խորհրդայիններու ձեռքին արտասահմանեան խաղաթուղթի վերածելու սադրանքին…

Շուշանեան գլխաւորողներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններուն դէմ պայքարի ճակատ բացած «Մարտկոցական» շարժումին, որ իր անունը ստացաւ 1932ին Փարիզի մէջ իր հրատարակութիւնը սկսած «Մարտկոց» թերթէն: Թէեւ նոյնինքն «Մարտկոց»ի էջերէն Շուշանեան միշտ նախանձախնդիր եղաւ, որպէսզի ղեկավար դաշնակցականներու դէմ ուղղուած իր կատաղի յարձակումները չծառայեցուին ըստ էութեան Դաշնակցութեան դէմ, այսուհանդերձ՝ համայնավարական սադրանքը պատմական նենգափոխութիւնը ամէնուր տարածելու պետական մեծ ներուժ ունէր եւ կրցաւ, ըստ ամենայնի, Դաշնակցութեան դէմ պայքարին գերի դարձնել «Մարտկոցական» շարժումը՝ ծանրագոյն հիասթափութեան մատնելով Շուշանեանի օրինակով Անկեղծ Զինուորները:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Շուշանեան լրիւ քաշուեցաւ ազգային–հասարակական աշխոյժ գործունէութենէ: Ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Ֆրանսայի կորսուած շրջանի մը մէջ, ապրեցաւ ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող սփիւռքահայու հպարտութեամբ՝ շարունակեց ստեղծագործել: Գրեց մանաւանդ իր հռչակաւոր «Օրագիր»ը, որ աւելի քան յիսուն տարի հոս ու հոն շրջագայելէ ետք լոյս ընծայուեցաւ՝ սերունդներուն ժառանգ յանձնելու համար ամբողջական հայու եւ առաջին սփիւռքահայու եզակի կերպարին՝ մեծն Վազգէն Շուշանեանի ազգային–գաղափարական կտակը:

Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը, 1941ի Յունիս 2ին, մահացու եղաւ Վազգէն Շուշանեանի համար: Վախճանեցաւ Հայաստանի եւ հայկական յեղափոխութեան բոցաշունչ երգիչը, որ դժբախտ եղաւ նաեւ իր մահով, որովհետեւ չունեցաւ շիրիմ եւ թաղուեցաւ հասարակաց գերեզմանի մը մէջ:

Եօթանասունեւվեց տարիներ անցած են իր վաղահաս մահէն ասդին եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կը բարձրանայ մեծութիւնը Վազգէն Շուշանեանի՝ Արարատի վեհաշուք հպարտութեամբ եւ Վահագնի բոցաշունչ ցասումով:

Կը վերանորոգուի իր ներշնչած պաշտամունքը՝ հայրենի հողին ու բնութեան հանդէպ, որուն ամբողջ գեղեցկութիւնը Շուշանեան բիւրեղեայ արեւմտահայերէնով աւանդ յանձնեց մեր սերունդներուն.

 

«Հովը դեռ ցուրտ էր երէկ, այլ յանկարծ այս առաւօտ

Գարնան ջինջ շունչը լեցուց պարտէզ, ճամբայ ու անդեր,

Ու բողբոջները բոլոր պատռեցան ինչպէս վարդեր

Ու յորձանքով պայթեցան ծիլ, շաքիլ, ճիւղ ու ծղօտ:

Ահա քնքուշ ու դեղին հրանուկներն առաջին,

Ահա տերեւք ցօղաթուրմ հազիւ կճեպը խզած

Ու նորաբոյս խոտերուն, ճղիկներուն վրայ թաց՝

Ահա համբոյրը անուշ արփւոյն մոլոր ճաճանչին:

Երկիրն յղի էր անշուշտ,– որովայնին խորը սուրբ

Գարունն հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի,

Որ այժմ ողջ գիւղին վրայ ալեկոծեալ կը յորդի:

Ողջո՜յն գարնան զարթօնքին,– որքա՜ն սարսուռն է իր նուրբ

Մեր արեան մէջ ու որքա՜ն բուրաւէտ են իր հովերն

Ու ի՜նչ սիրով կը հնչէ իր առաջին հրաւէրն»:

 

Կը վերանորոգուի, մանաւա՛նդ, հայոց լեզուին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան անկորնչելի գանձերուն փարելու Շուշանեանական հպարտութիւնը, որ յաւիտեան պիտի պատգամէ՝

«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,– քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,– հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:

ara-asbarez

ara-asbarez

Next Post

Հիւրասիրութիւն՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Հիմնադրութեան 15ամեակին Առիթով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Փենթակոնի Մէջ Քննարկեց Ռազմական Օդաչուներու Պատրաստութեան Հարցը

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Փենթակոնի Մէջ Քննարկեց Ռազմական Օդաչուներու Պատրաստութեան Հարցը

1 hour ago
«Մենք Պիտի Օգնենք Կողմերուն՝ Օգտագործելու Բանակցութիւններու Սեղանը Եւ Ոչ Թէ Մարտի Դաշտը». ԵԱՀԿի Գործող Նախագահ 

«Մենք Պիտի Օգնենք Կողմերուն՝ Օգտագործելու Բանակցութիւններու Սեղանը Եւ Ոչ Թէ Մարտի Դաշտը». ԵԱՀԿի Գործող Նախագահ 

2 hours ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • April 13, 2023

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to