ՊՐԻԵՔՍԷԼ.- Երկուշաբթի, 29 Մայիսին, Պրիւքսէլի «Թոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրութեան 15ամեակի առիթով:
Ներկայ էին շուրջ 100 հրաւիրեալներ, որոնց շարքին՝ Պրիւքսէլ շրջանի Ֆրանքոֆոն խորհրդարանի նախագահ Ժիւլի տը Կրոթ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան, Պելճիքայի թագաւորութեան, Լիւքսամպուրկի դքսութեան եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, ՆԱԹՕի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Եդիգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Կիրօ Մանոյեան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, եւրոերեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի եւ պելճիքացի պատգամաւորներ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի եւ յանձնաժողովի ներկայացուցիչներ, Ջաւախքի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ներկայացուցիչ Արտակ Գաբրիէլեան, Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք Պրիւքսէլ կը գտնուէին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի համագումարին համար:
Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (HDP) Եւրոպայի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ռուանտայի թուցիներու Իպուքա կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթով ողջունեց ներկաները եւ արժեւորեց անոնց մասնակցութիւնը ի նպաստ Հայ Դատի պայքարին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան, Արցախը մեկուսացումէ դուրս բերելու գործընթացին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին: Ան կարեւորեց 15ամեայ ուղին, որուն ընթացքին ներկաներէն շատեր բերած են մասնակցութեան իրենց բաժինը:
Ողջոյնի խօսք արտասանեցին նաեւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, եւրոերեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս եւ Ժիւլի տը Կրոթ:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի 15ամեայ գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը: