ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 19ին լրացաւ իններորդ տարելիցը հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն՝ Հրանդ Տինքի նահատակութեան:
2007 թուականի ճիշդ այդ օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինք զոհ գնաց թրքական
հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու…
53 տարիքը հազիւ բոլորած էր հայութեան իրաւատիրական ձայնը իւրովի ներկայացնող, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը քաջաբար ու բարձրաձայն ամրագրող եւ, ընդհանուր առմամբ, յանուն ազատութեան ու արդարութեան իր գերագոյնը՝ կեանքը զոհաբերելու պատրաստ Հրանդ Տինքը:
Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, «կէաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ կնքեց իր արարքը եւ հեռացաւ ոճիրի վայրէն:
Ոչ մէկ կասկած, որ կատարուածը քաղաքական ոճիր էր եւ ծնունդն էր թրքական ազգայնամոլ այլամերժութեան, որ այս պարագային հայատեացութեամբ մոլեգնած էր:
Ոչ մէկ կասկած, նաեւ, որ պետական մեղսակցութեամբ կազմակերպուած ոճիր էր Տինքի ահաբեկումը: «Ակօս»ի խմբագրապետը արդէն յաճախակի մահուան սպառնալիքներ կը ստանար՝ հայասպանութեան ճանաչումին ի նպաստ իր բարձրաձայն արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար: Այդօրինակ սպառնալիքներու լոյսին տակ, հետեւաբար, բացառուած էր, որ ինքնագլուխ մոլագարի մը գործը ըլլար օր-ցերեկով այդպէս՝ համարձակօրէն կատարուած Տինքի սպանութիւնը:
Աւելի՛ն. նման սպառնալիքներու բնական հետեւանքներուն դէմ պաշտպանուելու նպատակով էր, որ Տինք դիմած էր պետական հսկողութեան եւ, առ այդ, զետեղուած էր խմբագրատան սեմին շարժումները արձանագրող տեսախցիկը:
Այդ նկատառումներով ալ օրին, կայծակնային արագութեամբ, շղթայազերծուեցաւ բողոքի ընդոստ ալիք մը գործուած քստմնելի ոճիրին դէմ: Ոչ միայն Հրանդ Տինքի պարագաներն ու ընկերները, ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան իրաւատէր շրջանակները, այլեւ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ազատախոհ ու արդարամիտ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները փութացին տէր կանգնելու հայոց նորօրեայ նահատակին ու անոր պատգամին՝ «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Մենք բոլորս հայ ենք» վանկարկումով հետեւելով անոր յուղարկաւորութեան բազմահազարանոց թափօրին:
Օրին ստեղծուեցաւ նաեւ այն տպաւորութիւնը, թէ ատենի վարչապետ Էրտողանի ղեկավարած թուրք պետական աւագանին եւս ընդվզած էր ազգայնամոլ ծայրայեղականներու վերագրուած Տինքի սպանութեան քաղաքական ոճիրին դէմ: Այդ իմաստով պաշտօնական ամբաստանութիւններ ալ հնչեցին թուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ, որոնք թրքական բանակին եւ յատուկ սպասարկութեանց մէջ յայտնագործել ուզեցին ոճրային որջեր…
Բայց նման վերագրումները թրքանպաստ քարոզչութեան ծառայելէ եւ ոճիրին բուն պատասխանատուները լուսարձակներէ հեռու պահելու նպատակէն անդին չէին անցներ:
Հրանդ Տինքի ահաբեկման ետին կանգնած մութ ուժերը բացայայտելու եւ օրէնքի խստութեամբ պատժելու սկզբնական օրերու պաշտօնական խոստումները այնքա՜ն խորամանկութեամբ շահարկուեցան Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ, որ Էրտողան սկսաւ բարի վարուց վկայագիրներ ստանալու մեծապետական աշխարհի աջէն ու ձախէն:
Այդ դրամագլուխով ալ պաշտօնական Անգարան փորձեց, Եւրոմիութիւն իր մուտքը դիւրացնելու եւ համաշխարհային բեմի վրայ ցեղասպանի խարանը Թուրքիոյ ճակատէն ջնջելու հաշիւներով, առաւելագոյն չափով շահարկելու հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը՝ շարունակ տարածելով այն թիւրիմացութիւնը, թէ թրքական հանդուրժողականութեան շռնդալից ապացոյցը Անգարա պիտի տար Հրանդ Տինքի ահաբեկման պատասխանատուներուն անխնայ բացայայտումով ու պատժումով:
Բայց այդ բոլոր խոստումներն ու թիւրիմացութիւնները անցեալին հետ մոռցուած են եւ սուտ փուչիկներու պէս օդը ցնդած են այսօր:
Տինքի նահատակութեան իննամեակին, թրքական արդարադատութիւնը կը շարունակէ ամէն միջոցի դիմել, դատախազներ անգամ գործէ հեռացնել, որպէսզի Տինքի սպանութեան դատաքննութիւնը կատարուած ու փակուած համարուի՝ ոճիրը վերագրելով ինքնագլուխ գործած ծայրայեղական յանցագործներու…
Թրքական իշխանութիւնները այսօր եւս կառչած կը մնան 2012ին իրենց սարքած դատավարութենէն հանուած անհիմն ու խայտառակ այն դատավճիռին, որ հեգնելով ողջմտութիւնը թէ՛ թուրք հասարակութեան եւ թէ միջազգային հանրային կարծիքին՝ պաշտօնապէս արար-աշխարհին փորձեց համոզել, թէ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ»…
Այս առումով ալ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան իւրաքանչիւր տարելիցի հետ, ահա ինը տարիներէ ի վեր, Թուրքիոյ հայութեան իրաւատէրի արդարագոյն ձայնը դարձեալ կ՛ահաբեկուի:
Հրանդ Տինք ծնած էր 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա: 7 տարեկանին ծնողներուն հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած էր Պոլիս, ուր ծնողներու ամուսնալուծման հետեւանքով յանձնուած էր Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութան:
Ուսումը ստացած էր նախ Պէզճեան վարժարանին, ապա Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ: Բարձրագոյն ուսման հետեւելով՝ աւարտած էր Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կաճառները: Վկայուելով՝ կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած էր հրապարակագրական ասպարէզին:
Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80ականներուն կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին՝ «æութակ» ծածկանունով քննադատական յօդուածներ լոյս ընծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ թրքական խեղաթիւրումներու մասին:
1996ին Հրանդ Տինք հիմնեց թրքալեզու «Ակօս» թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել Թուրքիոյ հայութիւնը եւ դառնալ անոր ձայնն ու իրաւունքներուն պաշտպանը:
Յատկապէս հայասպանութեան հարցով հակադրուելով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին՝ Տինք բազմիցս հալածուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան:
Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք՝ Հրանդ Տինք 2005ին արժանացած էր Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան «Խօսքի եւ խիղճի ազատութեան» տարեկան մրցանակին, 2006ին՝ Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի՝ «Մամուլի ազատութեան եւ լրագրողական խիզախութեան» մրցանակին, Նորվեկիոյ՝ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Բէօռնսի անուան» մրցանակին եւ 2007ին՝ յետ-մահու՝ ՀՀ նախագահի յատուկ մրցանակին:
Հրանդ Տինքի յիշատակին հիմնուեցաւ «Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկ»ը՝ ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւն կատարելու առաջադրանքով: Հիմնարկը 2009ին լոյս ընծայեց Տինքի «Երկու Մօտ Ժողովուրդ, Երկու Հեռու Հարեւան» գիրքը, նուիրուած՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց:
Հրանդ Տինքի անունով փողոց մը կոչուեցաւ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ, իսկ Փարիզ՝ դպրոց մը:
Հայ Դատի մերօրեայ նահատակին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչելով, ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք «Հրանդ Տինքին» խորագիրը կրող մեծատաղանդ բանաստեղծ Զահրատի քերթուածը.
Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց:
Թէպետ երկչոտ՝ հաւատաց, թէ աղաւնի մըն է:
Բայց կրակեցին:
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝ անկողինի մէջ»:
Թող պառկի լոյսերու մէջ: Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝ անաղարտ արձանի մը պէս: