Լիբանանեան մեր հայրենիքը այսօր կը թեւակոխէ նոր հանգրուան։ Ցուցական արարքներու ազդանշանը տրուած է արդէն, որուն նպատակներն են ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնն ու երկիրի քաղաքական որոշումներուն առաւելագոյն չափով ներկայացուցչութիւն վայելող կողմերու մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր ու արդար օրէնքի մը մշակումը։
Աւելցնենք, որ որեւէ թիւրիմացութիւն եւս ինքզինք զգալի պէտք չէ դարձնէ՝ ներկայ տագնապին հետ տեղի-անտեղիօրէն կապուող միջազգային դատարանի կազմութեան ընթացակարգին պատճառած քաղաքական բուն բանավէճերու առումով։ Դաշնակցութիւնը տարբեր առիթներով յայտարարած է, որ համաձայն է միջազգային դատարանի կազմութեան, որ բնականաբար պէտք է յարգէ Լիբանանի սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածները։
Այս առաջադրանքը վերջին տագնապին ստեղծումէն շատ առաջ արծարծուած էր եւ հետապնդուած՝ Դաշնակցութեան կողմէ։ Նման պահանջ իր բացարձակ դրուածքով չէր առնչուեր լիբանանահայութեան իրաւունքին կամ կառավարութեան մէջ անոր ոչ լիարժէք ձեւով ներկայացուած ըլլալուն։ Նման քաղաքական առաջադրանք հիմնովին սկզբունքային մօտեցում ունէր եւ կը մեկնէր երկիրին կառավարման համակարգը միջհամայնքային համակեցութեամբ պայմանաւորելու համոզումներէն։
Միջհամայնքային կառավարման համակարգը, ըստ էութեան, արդիւնաւէտ կը գործէ միայն այն ատեն, երբ իբրեւ նախապայմանային սկզբունք կը յարգուին համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւնները։ Երբ կը կիրարկուի լուսանքայնացումը, կ՚անտեսուին համայնքն ու անոր մեծամասնութեան քաղաքական կամքը, կը խախտի համակեցութեան կառոյցը։
Ներկայ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն փաստօրէն շրջանցուեցաւ որոշ համայնքներու, որոնց շարքին՝ լիբանանահայ համայնքի կամքը։ Իրողութիւնը արդիւնք էր ընտրական ոչ արդար օրինագիծի մը կիրառումին, որուն հետեւանքով խախտեցաւ համայնքներու խորհրդարանական արդար ներկայացուցչութեան բնական գործընթացը։
Ասկէ կը մեկնին խորհրդարանական եւ կառավարական համայնքային ներկայացուցչութիւններու համայնապատկերին մէջ յառաջացած բարդ իրավիճակներու եւ տագնապներու յաղթահարման դժուարութիւնները։
Երկխօսութիւնը եւ անոր ճամբով քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներ յաղթահարելը ճիշդ ուղի եւ ընտրանք էր ու կը շարունակէ այդպէս մնալ Դաշնակցութեան համար, որ երկար ատենէ ի վեր երկխօսութիւնը նկատած էր միակ եւ անփոխարինելի միջոցը՝ տարբեր տեսակի տագնապներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար։
Սակայն երկխօսութիւնը եւս արդիւնաւէտ կը դառնայ, եթէ անիկա կայանայ պետական մակարդակի վրայ ժողովրդային յենարան ունեցող ուժերու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու միջեւ։ Այլ խօսքով՝ համայնքներու իրողական ներկայացուցիչներու միջեւ։
Այս անհրաժեշտութիւններուն բացակայութիւնը տարբեր առիթներով դրսեւորուեցաւ լիբանանահայութեան պարագային։ Ընտրական ոչ արդար օրինագիծի մը հիման վրայ լիբանանահայութեան իրողական ներկայացուցիչներուն բացակայութիւնը մասամբ խորհրդարանին եւ ամբողջովին կառավարութեան մէջ տեղի տուաւ այլ շրջանցումներու։
Լիբանանահայ գաղութը անտեսուած զգաց, երբ լիբանանեան իր հայրենիքին կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնեց լիբանանեան տարածքին վրայ հիւրընկալելու համար թրքական զօրքերը։ Համայնքի մը քաղաքական, ազգային քաղաքական կամքին շրջանցումը առնուազն այս ձեւով տեղի չէր ունենար, եթէ մեր համայնքը իրողական եւ արդար ձեւով ներկայացուած ըլլար թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ կառավարութեան մէջ։
Տակաւին. եթէ ընդհանրական առումով միջհամայնքային կառավարման համակարգը ճիշդ ու արդար գործած ըլլար պետական հաստատութիւններու մէջ, անհրաժեշտութիւնը զգացուած պիտի չըլլար արտակառավարական եւ արտախորհրդարանական միջավայրեր ստեղծելու՝ քննարկելու համար տագնապը յաղթահարելու միջոցներն ու եղանակները։
Յստակացման կարգով պէտք է արձանագրել, որ փողոց իջնելը, նստացոյց կազմակերպելն ու ցուցական արարքներու դիմելու եղանակը միշտ ու միշտ պէտք է մնայ սահմանադրական արտօնելիութեան եւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ՝ ժողովրդավարական չափորոշիչներուն համապատասխան։
Այս պատճառները ամփոփ կէտերն են քաղաքական այն համոզումներուն, որոնց հիման վրայ Դաշնակցութիւնը որդեգրած է իր այսօրուան դիրքորոշումներն ու կեցուածքները։
«ԱԶԴԱԿ»
Դեկտեմբեր 1, 2006