ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վճռաբեկ դատարանի քրէական եւ զինուորական գործերու պալատի Դեկտեմբեր 22ի դատավճիռով, կալանքէն ազատ արձակուեցան 2 ծառայակիցներու սպանութեան մէջ մեղադրուող նախկին զինուորներ Ռազմիկ Սարգսեան, Մուսա Սերոբեան եւ Արայիկ Զալեան:
Վճռաբեկ դատարանը բեկանեց Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի դատարանի եւ քրէական եւ զինուորական գործերով վերաքննիչ դատարանի դատավճիռները եւ գործը ուղարկեց լրացուցիչ նախաքննութեան:
Յիշեցնենք, որ առաջին ատեանի դատարանը զանոնք դատապարտած էր 15ական տարի բանտարկութեան, իսկ վերաքննիչ դատարանը՝ խստացուցած էր պատժաչափը եւ զանոնք դատապարտած ցմահ բանտարկութեան: