ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Համօ Օհանջանեան (ծննդեան անունը` Համազասպ) ծնած է 10 Փետրուար 1873ին, Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը: Կուսակցական անունը եղած է Մհերեան: Մեծահարուստ ծնողքը Կարինէն գաղթած են:
Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի հայկական ծխական դպրոցին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ուր արժանացած է ոսկեայ մետալի:
1892-1894 բժշկութիւն ուսանած է Մոսկուայի պետական համալսարանի Բժշկական հիմնարկին մէջ, սակայն հեռացուած է ուսանողական յեղափոխական շարժումներու մասնակցելուն եւ անցանկալի ու խռովարար տարր նկատուելուն պատճառով:
Վերադարձած է Թիֆլիս, ուր 1897ին իրեն միացած է ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին` ռուս յեղափոխական Օլկա Վաւիլեւնան, որուն հետ ամուսնացած է: Բախտաւորուած են երեք զաւակներով, երկու մանչ` Մոնիք եւ Արիկ ու մէկ աղջիկ` Քալիա:
Թիֆլիսի մէջ Համօ Օհանջանեան ծանօթացած է Քրիստափոր Միքայէլեանին հետ․ իրենց միջեւ ստեղծուած է գաղափարական կապ ու մտերմութիւն:
1898ին Համօ Օհանջանեան Թիֆլիսի եւ Թելաւի մէջ հիմնած է Կարմիր խաչի խումբեր, ուր գործած է նաեւ քոյրը` Սաթենիկը:
1899-1902ին ուսանած է Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ: Զուիցերիոյ մէջ եղած է դաշնակցական գործօն անդամ: Հոն Համօ Օհանջանեանի ծաւալած աշխուժ գործունէութեան ի տես` Քրիստափոր Միքայէլեան մեծ համարում ունեցած է անոր գաղափարական ուղղամտութեան, յեղափոխական բարոյականին եւ հանդարտաբարոյ խառնուածքին նկատմամբ: Ուստի անոնց մտերմութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացած է:
Բժշկական վկայականը ստանալէ ետք, Համօ Օհանջանեան 1902ին վերադարձած է Թիֆլիս եւ կարճ ժամանակ մը աշխատած է իբրեւ երկաթուղային ընկերութեան բժիշկ, ապա անցած է Պաքու` իբրեւ քարիւղի ընկերութիւններու հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ:
1903ին հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական որոշումին դէմ համաժողովրդային բողոքին եւ պայքարին դրօշակիրներէն եղած է:
1905ին ընտրուած է Ժընեւի ՀՅԴ ժողովի պատգամաւոր: Նոյն տարին, ռուսական յեղափոխութեան օրերուն, ղեկավարած է կուսակցութեան արտաքին կապերը ռուս յեղափոխական կուսակցութիւններու հետ:


1905ին ղեկավարած է «Յառաջ» մատենաշարի 50-60 տեսական-քարոզչական գրքոյկներու հրատարակման գործը:
1907ին Վիեննայի մէջ կայացած ՀՅԴ 4րդ Ընդհանուր ժողովին պաշտպանած է «Կովկասեան նախագիծը», որ կը նախատեսէր յեղափոխական գործունէութիւն իրականացնել նաեւ ցարական կառավարութեան դէմ` առանց դադրեցնելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ յեղափոխական շարժումը:
1908ի Դեկտեմբերին, մօտաւորապէս 160 դաշնակցականներու հետ ցարական իշխանութեան կողմէ կը ձերբակալուի Թիֆլիսի մէջ եւ կը նետուի Մետեխի բանտը, ապա կը տեղափոխուի Խարքովի բանտը: Բանտին մէջ կը վատթարանայ առողջութիւնը: Իր խնդրանքով կը տեղափոխուի Սիպերիա եւ աքսորը կ՛անցընէ Իրքուցք նահանգի Ուսոլիէ գիւղին մէջ, ուր կ՛աշխատի իբրեւ բժիշկ եւ կ՛արժանանայ տեղացիներուն յարգանքին: Հոն կ՛ամուսնանայ զօրավար Միքայէլ Արէշեանի քրոջ` Ռուբինա Արէշեանի հետ, որ եղած է սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի դէմ մահափորձի կազմակերպիչներէն մէկը, 1905ին: Ռուբինա եղած է Քրիստափորի անմիջական գործակիցներէն մէկը եւ հոգեզաւակը: Ան Խարքովի մէջ դժուարութեամբ կ՛արձանագրուի բժշկական համալսարան եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ դասընթացքները:
1912ի Փետրուարին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ’ունենայ 150 դաշնակցականներու դատավարութիւնը, ուր Ռուսիոյ ամենայայտնի փաստաբանները կը ստանձնեն դաշնակցականներու պաշտպանութիւնը: Հիմնականօրէն դատավարութեան թիրախ կ՛ըլլայ բժիշկ Համօ Օհանջանեան: Ան կը խոստովանի ՀՅԴին իր անդամակցութիւնը եւ կ՛արտասանէ Դաշնակցութեան մասին իր տպաւորիչ ու մերկացնող ճառը, որ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ ունկնդիրներուն վրայ: Սակայն ան կը դատապարտուի չորս տարի տաժանակիր աշխատանքի եւ կը ղրկուի Սիպերիա:
1915ին Գէորգ Ե. կաթողիկոսին եւ փոխարքայ Իլլարիոն Վորոնցով-Դաշկովի ան միջնորդութեամբ ազատ կ՛արձակուի բանտէն: Կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ իբրեւ բժիշկ` կ՛օժանդակէ ռազմաճակատի հայ կամաւորական գունդերուն: Երեւանի մէջ` իբրեւ բժիշկ, կ՛օգնէ գաղթականներուն:
Ան կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Վանի մէջ, ուր աջ բազուկը կը դառնայ Արամ Մանուկեանին, որ թրքական լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած Վանի հայութեան կառավարիչ կարգուած էր: Բժիշկ Համօ Օհանջանեան Վանի մէջ դեղ եւ բժշկական օգնութիւն կը հասցնէ տեղացիներուն:

1917ի Փետրուարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք ընտրուած է Համառուսական սահմանադիր ժողովի պատգամաւոր: Եղած է Ռոստովի Անդրկովկասեան կոմիսարիատի խնամատարութեան կոմիսարը:
1918ին Թիֆլիսի մէջ, Անդրկովկասեան «Սէյմ»ին մէջ, ՀՅԴի անունով կարդացած է Ռուսիայէն Անդրկովկասի անջատման հռչակագիրը:
1918ին եղած է Պերլին ուղարկուած Հայոց Ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան անդամ:
1918ի Մայիս 25-30ին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաքիլիսայի հերոսամարտին, ուր զոհուած է իր զաւակը` Մոնիքը:
1919ի Նոյեմբերին, Փարիզի հաշտութեան ժողովին, եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ եւ Պօղոս Նուպար փաշային հետ միասին Հայաստանի անունով յուշագիր ներկայացուցած է հայոց պահանջատիրութեան մասին:
1919ին Երեւանի մէջ կայացած ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովին ընտրուած է Բիւրոյի անդամ: Ան մեծ նպաստ բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդման գործին:
3 Ապրիլ 1920ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:
5 Մայիս 1920-23 Նոյեմբեր 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:
10 Օգոստոս 1920ին իր վարչապետութեան օրով ստորագրուած է Սեւրի պայմանագիրը, ուր ճանաչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
29 Նոյեմբեր 1920ին, Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, կնքուած է Դրօ-Սիլին համաձայնութիւնը, ըստ որուն, նախատեսուած է հալածանքի չենթարկել ՀՅԴի անդամները:
2 Դեկտեմբեր 1920ին ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով բժիշկ Համօ Օհանջանեան հեռացած է Հայաստանէն եւ անցած է Վրաստան:
6 Դեկտեմբերին քանի մը ընկերներու հետ համայնավարներու «Չեկա»ի աշխատակիցներու կողմէ ձերբակալուած է Վրաստանի սահմանագլուխին եւ նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ փոխադրուած է Երեւանի բանտը:
Խորհրդային իշխանութեան հաստատուելէն ետք համայնավարները խուզարկած են Ամիրեան փողոցին վրայ գտնուող Համօ Օհանջանեանի փոքր բնակարանը:
18 Փետրուար 1921ին, ՀՅԴի ղեկավարութեամբ իրականացած ժողովրդային ապստամբութեան շնորհիւ, ազատած է բանտէն եւ հասած է Պարսկաստան:
1923ի Յունիսին հաստատուած է Գահիրէ, ուր զբաղած է բժշկութեամբ եւ հասարակական գործունէութեամբ:
Գահիրէի մէջ բժիշկ Համօ Օհանջանեան եղած է Համազգային կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը: 1926ին ընտրուած է այդ ընկերութեան նախագահը:
Մինչ այդ, 11 Նոյեմբեր 1920ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տագնապի եւ հալածանքի օրերուն, բժիշկ Համօ եւ Ռուբինա Օհանջանեաններ Երեւանի մէջ կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը` Վիգէն։
Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը եղած է բարեկազմ, վայելուչ, դիւրահաղորդ, բարեհամբոյր, լրջախոհ, բոլորին հասնող եւ ամէնուն կողմէ վստահութեան արժանացող, յարաբերութիւններուն մէջ` նուրբ եւ յարգալիր: Ան սիրուած է հասարակական բոլոր խաւերու ու ընկերներու, նոյնիսկ հակառակորդ կուսակցականներու կողմէ:
Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի աշխատասիրութիւններն են.
1.- «Մոհիկաններին Վերջինը», 1925:
2.- «Բոլորիս Սիրելին», 1935:
3.- «Գաղափարապաշտութեան Հանգրուանները Վերջին Դարերու Ընթացքին», 1941:
4.- «Հայ Պետական Մարդը», 1945:
5.- «Մեր Բժիշկը», 1946:
Մահացած է 31 Յունիս 1947ին, Գահիրէի մէջ, 76 տարեկան հասակին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան. թաղուած է Գահիրէի Հայկական գերեզմանատան մէջ: Անոր տապանաքարին վրայ գրուած է. «Ապրեցաւ` ինչպէս քարոզեց»:
Բժիշկ Երուանդ Խաթանասեան իր դամբանականին մէջ ըսած է. «Նրա բարութիւնը ո՛չ բնազանցական սկզբունք էր, ո՛չ ճգնաւորի համակերպութիւն եւ ո՛չ ալ թուլամտութիւն ու անտարբեր մեղկութիւն, այլ` շինիչ, կենարար եւ գիտակից մի ստեղծագործութիւն, որ անընդհատ պայքարում է` չարիքը խափանելով եւ վսեմն է կերտում` հինը տապալելով: Բարիքը, նրա համար հանրային կարծիքին տրուած տուրքը չէր, այլ` սրտի ինքնաբուխ զեղում եւ իր մէջ հանրային անհատը լիացնող ներունակ պարտադրանք»:
Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի մահէն տարիներ ետք կինը` բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեան, զաւկին` Վիգէնի հետ գաղթած է Մոնթրէալ: 1968ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս «Կիլիկիոյ իշխանուհի» շքանշանով պատուած է բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեանը: Արժանաւոր հայուհին վեհափառին գովքին պատասխանած է ամենայն համեստութեամբ. «Ես ինչ եմ արել որ…»:
Բժշկուհի Ռուբինա Օհանջանեան մահացած է Մոնթրէալի մէջ, 1971ին:
Համօ եւ Ռուբինա Օհանջանեաններուն զաւակներէն՝ տոքթ. Վիգէն Օհանջանեան, Մոնթրէալի հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարերու կնքահայրերէն էր։ Վիգէն ատամնաբուժութիւն ուսանած է Գահիրէի մէջ եւ Մոնթրէալ գաղթելէ ետք շարունակած է իր ասպարէզը` ատամնաբուժութիւնը: Վիգէն իր մահկանացուն կնքեց 12 Յունիս 2009ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. «Ուիքիփետիա», Համօ Օհանջանեան:
2. Պէրպէրեան, Ն․, «Համօ Օհանջանեան (1873-1947), Հայկական Նոր Ասպետութեան» Բարոյական Դէմքը», «Ազդակ» օրաթերթ, 1 Օգոստոս 2017:
3. Mateossian, Vartan, Death of Hamo Ohanjanian, (July 31, 1947), Blogger, July 31, 2019.
4. Iammedia, People Deserving Recognition: Hamo Ohanjanian, 30 Յուլիս 2020:
5. Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն, Նախկին վարչապետեր, Համօ (Համազասպ) Օհանջանեան:
6. «Բժիշկ Համօ Օհանջանեան», «Հայրենիք» շաբաթաթերթ, 27 Մայիս 2021:
7. «Համազասպ (Համօ) Օհանջանեան, (1874–1947), Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան», «Հայերէն Պլոկ», 19 Յունուար 2021:
8. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, «Հայազգի Բժիշկ-Գրծիչներ», Երեւան, 2020: