Չորեքշաբթի, 24 Յունուարին, Աթէնքի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, «Ազատ օր»ի խմբագրատան եւ Հայ կապոյտ խաչի (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնին:
Ներկայ էին առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեան, ՀՀ հիւպատոս Լիլիթ Սարգսեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Շէֆիքեան, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
Առաջնորդ սրաբազանը, Հայ կապոյտ խաչի ներկայացուցիչը եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ խօսք առնողները դրուատեցին կատարուած աշխատանքը եւ ընդգծեցին, թէ այս կեդրոնը աւելի մեծ թափով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ի սպաս յունահայութեան:
Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ խօսք առնելով, Վահան Պզտիկեան դիտել տուաւ, թէ աշխատանքի ծիրը ընդարձակուած է եւ յունահայութիւնը պէտք է քայլ պահէ՝ համապատասխան ձեւով արդիականացնելով իր կառոյցները:
Աւարտին, խօսք առաւ «Ազատ օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: