ԷՆՍԻՆՕ.- Քոնկրէսական Պրատ Շըրմըն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Screamers վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան միասնաբար մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեցին Հինգշաբթի օր, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ գտնուող շարժանկարի Laemmle սրահին դիմաց, ուր կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան, որ ազդու քայլերու դիմէ Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչեւ Տարֆուր երկարող ցեղասպանական շղթային վերջ դնելու համար:
Մամլոյ ասուլիսի վայրը խորհրդանշական իմաստ ունէր, որովհետեւ այդ սրահին մէջ կը ցուցադրուի Screamers ժապաւէնը:
Մամլոյ ասուլիսի մասնակիցները նաեւ դատապարտեցին Variety Magazine ամսաթերթը, որ իր վերջին համարներէն մէկուն մէջ զօրակցած էր թրքական թեզին՝ գործածելով «այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը» տարազը:
Ասուլիսի ընթացքին, որուն ներկայ էին Fox-ի, տեղական եւ հայկական մամուլի թղթակիցներ, քոնկրէսական Շըրմըն ընդգծեց Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի այդ ձեւով վերջ տրուի ցեղասպանական արարքներու շղթային: Շըրմըն նաեւ բացատրեց, թէ ինչու համար անհրաժեշտ է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ մէջբերելով Հիթլէրի հռչակաւոր արտայայտութիւնը՝ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը»: Ան նաեւ հեգնանքով արտայայտուեցաւ վերոնշեալ ամսաթերթին մասին, ըսելով, որ այսօր կան նաեւ անձեր, որոնք կը հաւատան Օ. Ճէյ. Սիմփսընի անմեղութեան…:
Բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան յայտարարեց, թէ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք պէտք չէ սակարկութեան նիւթ դառնայ տնտեսական աւելի լաւ յարաբերութիւններ ստեղծելու ճիգերուն, կամ զէնքի առեւտուրին մէջ», եւ շեշտեց, թէ ժողովուրդը պէտք է լսելի դարձնէ իր ձայնը:
Նշան Պոսթանեան, որ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կը մասնակցէր մամլոյ ասուլիսին, շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսական Շըրմընին՝ արդարութեան ի խնդիր իր մղած պայքարին համար: Ան նաեւ դրուատեց Շըրմընի ճիգերը Տարֆուրի ցեղասպանութւինը կասեցնելու առումով իր տարած աշխատանքին համար:
Պոսթանեան յայտարարեց նաեւ, որ երբ 110րդ Քոնկրէսը իր առաջին նիստը գումարէ Յունուար 2, 2007ին, Հայ Դատի Յանձնախումբը սերտօրէն պիտի գործակցի Շըրմընի, Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ այլ բանալի քոնկրէսականներու հետ, որպէսզի Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը քուէարկութեան դրուի: