ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի հանդիպումը դուռ բացաւ ներատրպեճանական պաշտօնական մակարդակի տարակարծութեան, երբ մէկ կողմէ ազերի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով, ակնարկելով այդ հանդիպումին, ըսաւ, թէ ետքայլ էր, սակայն արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով բաւականացաւ ըսելով, որ այդ բանակցութիւնները պարզապէս չարդարացուցին սպասումները:
Ազիմով սովորական դարձած մեղադրական ուղղեց Հայաստանի ըսելով, որ «արտաքին գործերի նախարար Վարդան Օսկանեանի բռնած կոշտ դիրքի պատճառով» ինք չի կրնար կանխատեսել բանակցութիւններու հետագայ ընթացքը»:
Միւս կողմէ սակայն, հայկական կողմը դրական գնահատեց Օսկանեան-Մամէտեարով վերջին հանդիպումը, արձանագրելով, որ որոշ յառաջխաղացք կայ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Վլատիմիր Կարապետեան, ակնարկելով Արազ Ազիմովի յայտարարութեան ըսաւ նաեւ, թէ «Հայաստանի արտգործնախարարը բազմիցս ներկայացրել է բանակցութիւնների վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը. բանակցութիւններն ընթանում են հիմնական սկզբունքների շուրջ եւ կողմերը պաշտպանում են իրենց շահերը»: