Արժանթինի նախագահ՝ դոկտ. Նեսթոր Քիրչնըր ստորագրեց այն օրինագիծը, ըստ որուն 24 Ապրիլը կը հռչակուի «ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՉԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՕՐ»՝ յիշատակելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հաղորդեց Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը։
Նախագիծը, որ նախաձեռնութիւնն է Յանձնախումբին, վաւերացուեցաւ Արժանթինի խորհրդարանին կողմէ. Ներկայացուցիչներու տունը Նոյեմբեր 29ին, իսկ Ծերակոյտը՝ Դեկտեմբեր 13, 2006ին, մինչ գործադիր իշխանութիւնը Յունուար 10, 2007ին։ Սոյն օրէնքը կը ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր 1915 թուականէն մինչեւ 1923 թուական։
Արժանթինի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ երկրի իշխանութիւններուն այս քայլին համար, որ կը գումարուի բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ արձանագրուող զարգացումներուն վրայ՝ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու դէմ պայքարին եւ պատմական ճշմարտութեան ու արդարութեան հաստատման համար տարուած աշխատանքին ի նպաստ։
1985 թուականէն ի վեր, Արժանթինի խորհրդարանը բազմաթիւ որոշումներով եւ յայտարարութիւններով ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իր աջակցութիւնը արտայայտած է հայ ժողովուրդին։ Նոյն ձեւով գործած են երկրի բազմաթիւ նահանգներու խորհրդարանները եւս: Այսօր, նախագահին ստորագրութեամբ, Արժանթին ազգային օրէնքով մը կը միանայ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին։
1985 թուականին, ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը հայկական ջարդերը որակեց ցեղասպանութիւն։ Ուրուկուէյ, Եւրոպական խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Պելճիքայի, Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի, Վենեզուէլլայի, Լեհաստանի, Քանատայի եւ Ֆրանսայի խորհրդարանները ճանչցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդն ու Ժողովուրդներու մնայուն ատեանը։
Այս ձեւով, Արժանթին միջազգային բեմին վրայ յատուկ տեղ կը գրաւէ, իբրեւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պահանջող երկիր։