ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 2ի առաւօտեան նիստին Ազգային ժողովը ընդունեց նախօրէին քննարկուած չորս օրինագիծերը եւ օրէնսդրական փաթեթները, որոնցմով փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարուած են գործող շարք մը օրէնքներու մէջ:
Առաջին ընթերցմամբ լրացում կատարուեցաւ շահութահարկի մասին օրէնքին մէջ. ըստ լրացումին «օֆշորային» տարածքներու մէջ արձանգրուած ոչ բնակիչները կը զրկուին հարկային արտօնութիւններէ (այսինքն որոշ յատուկ տարածքներու մէջ գրանցուած, բայց Հայաստանի մէջ տնտեսական գործառնութիւններ իրականացնող անհատներ կամ կազմակերպութիւններ այսուհետեւ պիտի հարկուին):
Առաջին ընթերցմամբ աւելցուած արժէքի հարկի մասին եւ շարք մը օրէնքներուն մէջ ընդունուած փոփոխութիւններով եւ լրացումներով ամրագրուած են մինչ այժմ կառավարութեան որոշումներով եւ այլ իրաւական փաստաթուղթերով սահմանուած շարք մը դրոյթներ՝ իրաւաբանական անձերու, ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ զբաղուող անձերու գործունէութեան նկատմամբ հսկողութեան եւ վերահսկողութեան վերաբերեալ:
Առաջին ընթերցմամբ ընդերքն օգտակար հանածոներու շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան եւ արդիւնահանման համար տրամադրելու մասին օրէնքով ընդունուած լրացմամբ հարկային մարմիններուն կը տրամադրուի համապատասխան ընդերքի տեղամասին վերաբերող տեղեկատուութիւն՝ իրականացուող հսկողական աշխատանքներուն մէջ օգտագործելու նպատակով:
Երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ բարձրագոյն եւ յետբուհական մասնագիտական կրթութեան մասին եւ կրթութեան մասին օրէնքներուն մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին փաթեթը: Ըստ այդմ կրթութիւնը ընդհատած նախկին ուսանողը իրաւունք ունի մինչեւ տասը տարուան ընթացքին վերականգնուելու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ՝ անկախ հեռացման պատճառէն: Բացի այդ, ուսման տարեկան գերազանց արդիւնքներով անվճար ուսումնառութեան համակարգ տեղափոխուելու իրաւունք կը ստանան նաեւ վճարովի՝ առանց տարկէտման իրաւունքի, համակարգի սովորողները: