ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Ազգային ժողովը այսօր, Սեպտեմբեր 26ին արտահերթ նիստ պիտի գումարէ:
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի, տեղական ինքնակառավարման, պետական տուրքի եւ տասնեակ մը այլ օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ օրինագիծերը:
Արտահերթ նիստին երրորդ ընթերցմամբ պիտի քննուի նաեւ հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներուն համար սեփականութեան օտարման մասին օրինագիծը, որ նախորդ նստաշրջանին բուռն վէճի առարկայ դարձաւ: