ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի Աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը (ՀԱՍԿ) հնարաւոր է՝ աջակցի Հ.Յ.Դ.ին:
ՀԱՍԿի ղեկավար Մովսէս Շմաւոնեան երէկ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին յայտարարեց, թէ «աջակցութիւնը հիմնուած կը լինի այն հանգամանքի վրայ, որ երկու կուսակցութիւններն առաջնորդւում են միեւնոյն սոցիալիստական գաղափարախօսութեամբ»: Հնարաւոր է, որ ՀԱՍԿը ընտրութիւններուն մասնակցի նաեւ ՀԺԿի հետ: Երրորդ տարբերակը ընտրութիւններուն չմասնակցիլն է, «եթէ դրանք իրենցից ներկայացնեն ոչ թէ գաղափարական պայքար, այլ ունենան քաղաքական բեւեռացման միտում», աւելցուց ան: