ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան ստորագրած է որոշում, ըստ որուն՝ սահմանադրութեան 70րդ յօդուածի համաձայն՝ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, 2006ի Դեկտեմբեր 20ին, ժամը 12ին պիտի գումարուի ԱԺ արտահերթ նստաշրջան:
Նշենք, որ ԱԺ արտահերթ նիստի օրակարգին ընդգրկուած են 54 օրէնքի նախագիծի, օրէնքի մէջ փոփոխութիւն եւ լրացումներ կատարելու մասին քուէարկութիւն եւ 6 միջազգային պայմանագիրներու վաւերացում: