Ս. ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յուլիս 17ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային հերոս, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցմահ նախագահ, ազգային բարերար Ալէք Մանուկեանի եւ կնոջ՝ Մարի Մանուկեանի վերահուղարկաւորութեան արարողութիւնը. անոնց աճիւնները Հայաստան բերուած էին Յուլիս 13ին, Տիթրոյիթէն (ԱՄՆ):
Առաւօտեան ժամը 10ին Մայր տաճար ժամանած էին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան, վարչապետ Սերժ Սարգսեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, պաշտօնական այլ անձեր, Ալէք Մանուկեանի ընտանիքի անդամները, հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Հանգուցեալներու դագաղները զինուորական պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ զետեղուեցան խորանի հրապարակի պատուանդաններուն:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը գնահատանքի խօսք արտասանեց Ալէք եւ Մարի Մանուկեաններու մասին:
Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վեհարան, Ալէք եւ Մարի Մանուկեաններու անուան գանձատուն, որուն դիմաց պատրաստուած էր մեծ բարերարին եւ տիկնոջ գերեզմանատեղին: Պսակներ զետեղուեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Ազգային ժողովի, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ:
Վեհափառ հայրապետի աղօթքով եւ պետական օրհներգի մեղեդիներու ներքոյ հանգուցեալներու դագաղները իջեցուեցան գերեզման: