7 Փետրուարին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի նախագահական արտակարգ «ընտրութիւններ»ուն, նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքի անդամները քուէարկեցին բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Այլ ընտրատեղամասեր եւս բացուած էին բռնագրաւեալ Արցախի մէջ:
Քուէներուն առնուազն 92 տոկոսը խլելով` Ալիեւ 5րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ նախագահ, ոչ ոք անակնկալի մատնելով։