Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մերժեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կոչը՝ վերջ տալու այժմ իր 100րդ օրը նշող Արցախի շրջափակման:
Պլինքըն 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ալիեւի հետ` առաջարկելով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Պլինքըն քաջալերեց չլուծուած հարցերուն լուծում գտնելու եւ ընդգծեց, որ չկայ ռազմական լուծում: Ան վերահաստատեց Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալէ շարունակական համագործակցութիւն խաղաղ գործընթացին մէջ:
Հեռաձայնային զրոյցին մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Պլինքըն գրած է հետեւեալը. «Այսօր խօսեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ` փոխանցելու աջակցութիւնս Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան եւ այդ ջանքերուն նպաստելու մեր պատրաստակամութիւնը: Ուղիղ բանակցութիւնները միակ ուղին են` հասնելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան»:
Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ Ալիեւ Պլինքենի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին շեշտեց Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը՝ պատճառաբանելով, թէ հայկական կողմը կը շարունակէ ռազմական փոխադրութիւնները Ղարաբաղ:
«Ճամբու շրջափակումը Հայաստանի կեղծ քարոզչութիւնն է», պնդեց Ատրպէյճանի նախագահը` անգամ մը եւս մատնանշելով անցած 100 օրերուն ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ինքնաշարժներուն անցնիլը Լաչինի միջանցքով: Այդ ինքնաշարժներուն թիւը, ըստ անոր, կը գերազանցէ 4 հազար 700ը:
Ալիեւ յայտարարեց նաեւ, թէ վերջին շաբաթներուն հայկական կողմը, «չարաշահելով Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայումը, միտումնաւոր կը սրէ իրավիճակը, կը խախտէ զինադադարը»:
Ան ըսաւ, որ պատրաստ է մօտիկ ապագային ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որուն մէջ կատարուած վերջին առաջարկները եւ փոփոխութիւնները արդէն ներկայացուած են հայկական կողմին: Ալիեւ նաեւ յիշեցուց, որ Ղարաբաղի հայերը Պաքու այցելելու հրաւէր ստացած են` «քննարկելու համարկումը եւ ենթակառուցուածքները»: