ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հայ աշուղներու միութեան (նախագահ՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, աշուղագէտ Շաւիղ Գրիգորեան) եւ «Սայեաթ-Նովա» մշակութային միութեան նախագահ, բանասէր Թովմաս Պօղոսեանի որոշումով, Ախալքալաքի շրջանային մշակոյթի տան տնօրէն, «Չաւախք» ազգագրական երգի-պարի համոյթի ղեկավար Ալիկ Քսպոյեան աշուղ «ձեռնադրուեցաւ»:
Աշուղ «ձեռնադրողները» Ալիկ Քսպոյեանը իբրեւ աշուղ անուանակոչեցին՝ Ալիք-Չաւախք:
Յայտնենք, որ Ալիք-Չաւախքի աշուղական «ձեռնադրութիւնը» կը համընկնի ջաւախքցի Աշուղ Հաւասիի ծննդեան 110ամեակին: