ԵՐԵՒԱՆ, Հանրային Ձայնասփիւռ.- Օգոստոս 6ին մէկօրեայ այցով Երեւան պիտի ժամանէ «Ալռոսա»ի նախագահ Սերկէյ Վիպորնովը:
Այցի ընթացքին «Ալռոսա» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ստորագրեն համաձայագիր ոսկերչութեան եւ ադամանդի յղկման ոլորտին մէջ գործակցութեան շուրջ:
Կը նախատեսուին նաեւ Ս. Վիպորնովի հանդիպումները նախագահ Քոչարեանին եւ վարչապետ Սարգսեանին հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննուին գործակցութեան հեռանկարները եւ միացեալ ընկերութիւններ կազմելու հնարաւորութիւնը: