ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Յուլիս 7ին Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը հրապարակեց հետեւեալ կոչը՝ ուղղուած երկու տարածաշրջաններու հայութեան, ուր ներկայացնելէ ետք իրադրութիւնը, բնակչութեան կը ներկայացուին երկու փաստաթուղթեր, որոնցմէ առաջինը՝ վրացերէնի կողքին հայոց լեզուին տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակով օրէնսդրօրէն օժտելու մասին Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի տարածաշրջաններու ինքնակառավարման մարմիններու ժողովներու պատգամաւորներու հաստատման ներկայացուող որոշման նախագիծն է, իսկ երկրորդը՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն կատարման յանձնախումբին (դիտարկման յանձնախումբ) ուղարկուելիք յուշագիրն է:
Կոչին մէջ ըսուած է. «Նշուած փաստաթղթերը ստորագրելու բարոյական պարտաւորութիւն ունեցող անձանց դրսեւորած վերաբերմունքին անպայմանօրէն կ’անդրադառնանք նաեւ մամուլով, ստորագրութիւնների համար սահմանուած ժամկէտները լրանալուց յետոյ, որպէսզի դուք եւ ամբողջ հասարակութիւնը իմանաք, թէ ո՛վ ով է: Քանզի իւրաքանչիւր քաղաքացի պարզապէս պարտաւոր է պայքարել իր ազատութիւնների եւ իրաւունքների համար, չէ՞ որ դրանք նաեւ իր զաւակների, սերունդների ապագան կառուցելու հիմնաքարերն են դառնալու:
«Այդ պայքարի արդիւնքով է, որ պիտի յաղթահարուեն բազում արգելքներ ժողովրդավարական պետութեան ամրապնդումն ու զարգացումն ապահովելու համար:
«Կոչ ենք անում, որ տէր կանգնէք ձեր շրջաններում, բնակավայրերում, դպրոցներում եւ այլուր տեղի ունեցող, ձեր իրաւունքներին ու պարտականութիւններին վերաբերող գործընթացներին:
«Ամէնօրեայ հսկողութեան եւ ուշադրութեան դաշտում պահէք ձեր իսկ ընտրած պաշտօնեաների գործողութիւնները, ժամանակին եւ անկողմնակալօրէն գնահատէք ղեկավարների գործելակերպը: Միայն այդպիսով կարելի կը լինի որոշակիօրէն շտկել «վերեւից ներքեւ» եւ «ներքեւից վերեւ» խաթարուած կենսականօրէն անհրաժեշտ կապը:
«Ի գո՛րծ, սիրելի՛ հայրենակիցներ, թող այս երկու փաստաթղթերը դառնան մեր բազմազգ հասարակութիւնը համամարդկային արդի արժէքներին համապատասխան ձեւաւորելու պայքարի մունետիկները»: