Իրաքի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ հայր Անտոն վրդ. Ադամեան Երկուշաբթի, Յունուար 15ին «Ազդակ»ին հաղորդեց, թէ նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 9էն քիչ ետք Պաղտատի մէջ գիտական հետազօտութեան կեդրոնին մօտ գործուած ականահարումէն վիրաւորուած է իրաքահայ երիտասարդ մը՝ Ժոզէֆ Մաքուքճեան։
Մաքուքճեան մարդասիրական կազմակերպութեան մը՝ մարդկային իրաւունքներուն հսկելու եւ օժանդակութիւններ հայթայթելու Պաղտատի գրասենեակին տնօրէնն է։ Անոր ինքնաշարժը գրեթէ ածխացած է եւ ան տեղական հիւանդանոցի մը մէջ կը դարմանուի այրուածքներէ։