ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ աշխարհահռչակ լրագրող, բրիտանական The Independent օրաթերթի Մ. Արեւելեան հարցերու գլխաւոր մեկնաբան Ռապըրթ Ֆիսք պիտի դասախօսէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին (Նորթրիճ) մէջ, իր նոր գիրքին՝ The Great War for Civilization-ի մասին: Ան պիտի անդրադառնայ նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցերու:
Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի Student Union’s Grand Salon-ին մէջ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ի երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Ձեռնարկի հիւրընկալներն են Հայ Դատի Յանձնախումբը, United Human Rights Council-ը, համալսարանի Հայկական ուսմանց բաժանմունքը, Հայ ուսանողական ընկերակցութիւնը եւ ուսանողական այլ կազմակերպութիւններ:
Ֆիսք քաջածանօթ է նաեւ Հայկական հարցին, Հայկական Ցեղասպանութեան ու անոր քաղաքական թէ այլ ծալքերուն, թրքական ուրացման քաղաքականութեան ու այս մասին մեծապետական մեղսակցութեան:
Բրիտանացի լրագրողը բազմաթիւ յօդուածներ ունի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ու միշտ յատկանշուած է իր խիզախ ու դիպուկ ոճով: