ԽՈՅ (Մարտ 21 – Ապրիլ 19)
Եթէ ինքնավստահ չես, ուրեմն մի այպաներ: Ինչպէս առածը կ’ըսէ՝ երկու մտածէ մէկ գործէ, նոյնը դուն պէտք է ընես: Շատ մի խօսիր եւ այս օրերուն ուրիշներու գործերով շատ մի զբաղիր: Գործի նոր առաջարկ մը պիտի ստանաս: Դուն ալ լաւ գիտես, որ այդ մէկուն ժամանակը չէ:
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 1-2-5-8-11:
ՑՈՒԼ (Ապրիլ 20 – Մայիս 20)
Շուրջդ խառնակ վիճակ մը ստեղծուած է: Ուստի միակ ճամբան՝ դուն քեզ քիչ մը քու անմիջական շրջապատէդ հեռու պահելն է: Մի ձգեր, որ մարդիկ քու տեղդ որոշում տան: Ինքնավստահութիւնը մեծ դեր պիտի խաղայ այս շաբթուան ընթացքին: Ճամբորդ մը քու ներկայ վիճակդ պիտի բարեփոխէ:
Բախտաւոր օր – Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 2-4-7-21-26:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (Մայիս 21 – Յունիս 21)
Նիւթական բաւական լաւ վիճակ մը ունիս: Ուստի այս օրերուն պիտի կարենաս բոլոր գումներդ կատարել: Քեզ միակ մտահոգողը քու ներկայի ֆիզիքական վիճակդ է: Բժիշկներուդ խրատականներուն լրջօրէն հետեւիր: Սիրած անձդ քեզի լաւ անակնկալ մը պատրաստած է:
Բախտաւոր օր – Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 3-8-12-25-32:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (Յունիս 22 – Յուլիս 22)
Որեւէ որոշում տալէ առաջ, լաւ մը մտածէ: Զգացումներդ կրնան քեզ խաբել: Տրամաբանութիւնը նեծ դեր պիտի խաղայ այս շաբթուան տալիք որոշումներուդ մէջ: Պտոյտ կամ շրջապտոյտ, անպայման յետաձգէ. բան չես կորսնցներ: Ընդհակառակն, մեծագոյն շահաւորը դուն պիտի ըլլաս:
Բախտաւոր օր – Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 4-9-22-32-36:
ԱՌԻՒԾ (Յուլիս 23 – Օգոստոս 22)
Ինքնավստահ մուտք գործէ քու շրջապատէդ ներս: Ըսելիքներդ յստակօրէն ըսէ եւ դուն քեզ արժեւորէ: Մի վախնար. այսպէս կամ այնպէս մարդիկ պիտի խօսին: Լաւ է, որ սիրտդ պարպես: Բարեկամ մը շուտով աւետաբեր լուրերով պիտի ներկայանայ եւ դուն ալ պիտի զարմանաս:
Բախտաւոր օր – Հինգշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 5-8-9-12-28:
ԿՈՅՍ (Օգոստոս 23 – Սեպտեմբեր 22)
Նոր ծրագիր մը ունիս: Պիտի յաջողիս եւ շուտով համբաւաւոր պիտի դառնաս: Այս բոլորը՝ շնորհիւ քու անձնական փորձառութեանդ եւ յատկապէս քու ինքնավստահութեանդ: Մի վհատիր: Ընթացքդ շարունակէ: Յուսախաբ ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունիս: Նպատակիդ պիտի հասնիս:
Բախտաւոր օր – Ուրբաթ, բախտաւոր թիւեր – 6-15-19-23-27:
ԿՇԻՌՔ (Սեպտեմբեր 23 – Հոկտեմբեր 23)
Շատ հաւանաբար քիչ մը չափէն աւելի զգացական կը մօտենաս ամէն հարցի: Նման բաներու ժամանակը անցած է: Իրապաշտ պէտք է ըլլալ եւ կեանքը ապրիլ այնպէս ինչպէս որ է: Երազելը լաւ բան է եւ արդիւնաւէտ, եթէ անոր ընկերանայ նաեւ գործնական աշխատանք եւ յարատեւութիւն:
Բախտաւոր օր – Կիրակի, բախտաւոր թիւեր – 7-21-27-28-31:
ԿԱՐԻՃ (Հոկտեմբեր 24 – Նոյեմբեր 21)
Որպէսզի ներկայ առողջական վիճակդ քեզ աւելի չմտահոգէ, լաւ պիտի ըլլար, որ մարզանքներուդ կողքին բժիշկներուդ խորհուրդները մտիկ ընէիր: Բայց լաւ յիշէ. շուրջիններդ բոլորն ալ բժիշկներ չեն: Ինքզինքդ ճանչցիր եւ երբեմն ալ դուն քու բժիշկդ եղիր. բան չես կորսնցներ:
Բախտաւոր օր – Շաբաթ, բախտաւոր թիւեր – 8-9-23-31-39:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (Նոյեմբեր 22 – Դեկտեմբեր 21)
Ընտանեկան շրջանապատիդ մէջ բաւականին մանր դէպքեր կրնան պատահիլ, եթէ դուն՝ այդ բոլորին առաջքը չառնես: Նախ մտիկ ըրէ. այլ խօսքով լսել գիտցիր: Ամէն մարդ կը կարծէ, որ ինքն է իրաւն ու ճշմարտախօսը: Ճամբորդութիւնդ յետաձգէ եւ միայն ներկայ գործիդ վրայ կեդրոնացիր:
Բախտաւոր օր – Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 1-7-20-25-29:
ԱՅԾԵՂՉԻՒՐ (Դեկտեմբեր 22 – Յունուար 19)
Այս օրերուն սկսած ես ըսելիքներդ տեւաբար կրկնել եւ քիչ մըն ալ յամառօրէն վիճիլ: Լաւ նշան չէ: Այս մէկը առողջ մտքի արդիւնք չէ: Ուստի շուտով վերադարձիր նախկին վիճակիդ եւ ուրիշները մտիկ ընել սորվիլ: Գործիդ մէջ անհամ վիճակ մը ստեղծուած է: Դուն այս մէկուն բանալին ունիս:
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 9-19-26-27-33:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (Յունուար 20 – Փետրուար 18)
Որոշած ես կարճ ճամբորդութիւն մը կատարել: Իրաւունքդ է: Այս ձեւով նոր մարդոց պիտի հանդիպիս, որուն միջոցով պիտի կարենաս ներկայ վիճակդ բարեփոխել: Նիւթական նոր աղբիւրներ պիտի գտնես, որոնց միջոցով պիտի կարենաս կատարած բոլոր խոստումներդ ամբողջացնել:
Բախտաւոր օր – Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր -3-8-14-15-18:
ՁՈՒԿ (Փետրուար 19 – Մարտ 20)
Մեծածախս ծրագիր մը սկսած է միտքդ չարչրկել: Մէկդի դիր բոլոր զգացումներ: Եւ որովհետեւ ուրիշներ կրցած են յաջողիլ, այդ չի նշանակեր, որ քու պարագայիդ ալ նոյնը կրնայ պատահիլ: Ամէն ոչխար իր ոտքէն կը կախէն: Այս մէկը լաւ հասկցիր: Նիւթական վիճակդ պիտի բարելաւուի:
Բախտաւոր օր – Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 4-7-9-14-22: