ԽՈՅ (Մարտ 21 – Ապրիլ 19)
Պիտի կարենաս դրամական օժանդակութիւն մը ստանալ տեղէ մը, որ արհամարհելի չէ: Այս անակնկալը հրճուանք պիտի ներշնչէ քեզի: Ամուսնական կամ ընտանեկան քու կեանքիդ մէջ առաւել ուշադիր եղիր: Կողակիցիդ կամ ընկերոջդ հետ համաձայնաբար որոշում տուր:
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 1-6-9-10-33:
ՑՈՒԼ (Ապրիլ 20 – Մայիս 20)
Շռայլ մի ըլլար ծախսերուդ մէջ: Նոյնպէս ջանա՛ լեզու գտնել շրջապատիդ հետ, որպէսզի սխալ մը չգործես: Մարզանք ըրէ, որպէսզի բարելաւուի ոչ միայն քու ֆիզիքականդ, այլեւ՝ հոգեկան վիճակդ ալ: Հեռաւոր անցեալէն եկած յիշատակներ պիտի յայտնուին երազիդ մէջ:
Բախտաւոր օր – Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 2-10-13-34-36:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (Մայիս 21 – Յունիս 21)
Այս շաբթուան ընթացքին մաս պիտի կազմես անակնկալ զրոյցի մը, եղիր անկեղծ եւ հարցերը ստուգելէ ետք տուր քու պատասխանդ: Եթէ դրամատնային կարգով մասնակից կը դառնաս սակարանային գործառնութեան, գործունէութիւնդ շահաբեր պիտի ըլլայ:
Բախտաւոր օր – Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 3-7-9-19-29:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (Յունիս 22 – Յուլիս 22)
Այս օրերուն դիւանագիտութեամբ պիտի աշխատիս։ Այս ձեւը պիտի դիւրացնէ քու կապդ շրջապատիդ հետ։ Մեղմութեամբ վարուէ ամէնուն հետ։ Անշարժ կալուած գնելու ծրագիր ունիս։ Այդ մէկը դիւրին պիտի ըլլայ։ Մի տնտնար, գործի անցիր։
Բախտաւոր օր – Հինգշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 4-8-10-21-25:
ԱՌԻՒԾ (Յուլիս 23 – Օգոստոս 22)
Շաբաթը քիչ մը ոչ քաջալերական կրնայ ըլլալ, բայց դուն պէտք է կեդրոնանաս օրուան աշխատանքներուդ վրայ։ Հետեւիր նախազգացումներուդ թելադրանքին եւ ոչ՝ ուրիշին։ Շատ լաւ արդիւնք պիտի ունենայ քու այս կեցուածքդ։ Աշխատիր կեդրոնացեալ տրամադրութեամբ։
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 5-10-13-34-35:
ԿՈՅՍ (Օգոստոս 23 – Սեպտեմբեր 22)
Եթէ կ՚ուզես անպատեհութիւններէ եւ անիմաստ անակնկալներէ հեռու մնալ, խնայողութեամբ ծախսէ։ Առանց մտածելու ծախսելը շռայլութիւն է։ Այս օրերուն պիտի սորվիս զիջումներ ընել, որովհետեւ այս ընթացքով շահողը դուն պիտի ըլլաս։ Ինքնահաւանութիւնը անօգուտ է, համեստ եղիր։
Բախտաւոր օր – Շաբաթ, բախտաւոր թիւեր – 6-8-9-27-28:
ԿՇԻՌՔ (Սեպտեմբեր 23 – Հոկտեմբեր 23)
Շատ եռանդուն եւ կորովի պիտի սկսիս նոր աշխատանքիդ, եօթը թզուկներու նմանողութեամբ։ Օրերդ արդիւնաւէտ պիտի ըլլան ամէն տեսակէտով։ Նորաձեւութեան հետեւիլը լաւ է, բայց ոչ՝ չափազանցուած եղանակով։ Նկատի առ հագուածքիդ ներդաշնակութիւնը:
Բախտաւոր օր – Հինգշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 7-13-31-34-37:
ԿԱՐԻՃ (Հոկտեմբեր 24 – Նոյեմբեր 21)
Մտահոգութիւններդ մէկ կողմ դիր եւ հոգ տար քու արդուզարդիդ։ Այս շաբաթավերջին անակնկալ հիւրեր կրնաս ունենալ, հետեւաբար զանոնք ընդունէ սիրալիր եւ եղիր ներկայանալի: Աշխատանքի մարզին մէջ սպասողական վիճակ պիտի ունենաս։ Քեզմէ կը պահանջուի ըլլալ համբերատար։
Բախտաւոր օր – Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 8-12-16-30-39:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (Նոյեմբեր 22 – Դեկտեմբեր 21)
Այս օրերուն քեզի մօտիկ անձերու մօտ պիտի զգաս անսահման խնդութիւն եւ անհոգութիւն։ Որքա՜ն հաճելի է եւ օգտակար պաշտպանուած զգալ հարազատներէ։ Կը կարծես, որ կարիքը ունիս քաջալերանքի։ Մի յուսալքուիր փոքր դժուարութեան մը դիմաց։
Բախտաւոր օր – Ուրբաթ, բախտաւոր թիւեր – 9-12-13-16-20:
ԱՅԾԵՂՉԻՒՐ (Դեկտեմբեր 22 – Յունուար 19)
Շաբաթավերջերը կը նմանին փոքր արձակուրդներու, երբ եղանակն ալ մեղմ է, պէտք է օգտուիլ անկէ։ Այս օրերուն սակայն քեզմէ պիտի պահանջուի փոխել կեցուածքդ, բայց դուն տարօրինակ կերպով կը մերժես։ Հարցերուն եւ անձերուն պէտք է մօտենաս այնպէս, ինչպէս որ են։
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւեր – 10-16-18-20-21:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (Յունուար 20 – Փետրուար 18)
Այս շաբթուան ընթացքին հոգեմտաւոր տրամադրութեամբ պիտի քննարկես օրուան հարցերդ՝ նոր ուղղութիւն մը տալով որոշումներուդ։ Հետեւէ նախազգացումներուդ։ Մարզանք կատարէ կանոնաւոր կերպով։ Այսպիսով պիտի ունենաս շատ լաւ ֆիզիքական։ Հոգ տար առողջութեանդ:
Բախտաւոր օր – Ուրբաթ, բախտաւոր թիւեր – 1-6-7-19-34:
ՁՈՒԿ (Փետրուար 19 – Մարտ 20)
Քեզմէ վերջնական որոշում մը մը կ’ակնկալուի: Շրջապատդ յուսախաբ մի ըներ: Միայն դուն պիտի կարենաս որոշ չափով խաղաղութիւն բերել շրջապատէդ ներս: Ուստի, քիչ մը աւելի ներողամիտ աչքով դիտէ ամէն բան: Նոր լուր մը իրապէս պիտի փոխէ ներկայ վիճակդ: Մի յուսահատիր:
Բախտաւոր օր – Շաբաթ, բախտաւոր թիւեր – 2-8-19-34-37: