Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդ Սերապիոն եպիսկոպոսի, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ, հանդիպում մը ունեցան եւ այդ առթիւ եղբայրական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժոզէֆ Զահլաուի, ինչպէս այլ եկեղեցականներ։
Երկուշաբթի, 15 Յունուար, 2007ի կէսօրին եւ մինչեւ ժամը 2, հիւրընկալութեամբ Սերապիոն եպիսկոպոսի, Ս. Մօրիս առաջնորդանիստ կեդրոնին մէջ եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցի իր եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, իրենց ժամակարգին ու եկեղեցւոյ աւանդութեան՝ Աստուծոյ յատուկ աղօթք եւ օրհնութիւն վերառաքեցին։
Հաւաքական սիրոյ ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց առաջնորդներուն միջեւ, որոնք ընդհանրապէս անդրադարձան եւ խորհրդակցեցան Առաքելական-Ուղղափառ եկեղեցիները յուզող այժմէական խնդիրներու՝ վարչական, կրօնադաստիարակչական, պատանեաց թէ երիտասարդական հարցերու շուրջ։
Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու յաջորդ հանդիպումը, հիւրընկալութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։