ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան» պատկերասրահին մէջ Հոկտեմբեր 18ին բացումը կատարուեցաւ ամերիկահայ քանդակագործ Գրիգոր Մանուկեանի անհատական ցուցահանդէսին:
Ներկայացուած էին 29 քանդակներ, որոնց հիմնական նիւթը մետաղն է: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին քանդակագործը յայտնեց, որ ներկայացուած քանդակներուն միջոցով փորձած է ի ցոյց դնել մարդկային կեանքը իր բազմաբնոյթ դիտարկումներով եւ նշեց, որ «այս, առայժմ փոքրածաւալ, բայց խիստ կոթողային ստեղծագործութիւնների մեծ մասը դեռ իրենց արժանի տեղն են փնտռում՝ իրական միջավայրում տեղադրուելու համար, սակայն հարկ եմ համարում խոստովանել, որ նրանք իրենց ուրոյն տեղն այսօր արդէն ունեն հայ կերպարուեստում»: Ան նաեւ ըսաւ, որ կ’երազէ Հայաստանի մէջ ստեղծել կոթողային քանդակներու զբօսայգի:
Նշենք, որ Գ. Մանուկեան ծնած է 1943ին, Պէյրութ եւ այժմ կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: