ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի օր, նախագահ Ճորճ Պուշ վերստին առաջադրեց Ռիչըրտ Հոկլընտը, իբրեւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպան, քայլ մը, որուն բուռն կերպով ընդդիմացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ):
Ծանօթ է, որ Հոկլընտ իր նշանակման ունկնդրութիւններու ընթացքին ուրացած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ ամերիկահայութեան մօտ խոր ընդվզում յառաջացուցած էր եւ պատճառ դարձած էր, որ Նիւ Ճըրզիի ծերակուտականներէն Ռապըրթ Մենենտէզ (Դ.) կասեցնէ նշանակման գործընթացը:
Օրէնսդիր իշխանութեան յղած եւ Յունուար 10, 2007 թուակիր իր նամակին մէջ, ԱՀԴՅի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց ծերակուտականներուն, որ արգելք հանդիսանան Հոկլընտի նշանակումին շեշտելով, որ «Ցեղասպանութիւնը ուրացող մը պէտք չէ -եւ երբեք չի կրնար- ներկայացնել Ամերիկան Հայաստանի մէջ, պետութիւն մը, որ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն յառնած է»:
Հոկլընտի նշանակումին դէմ կեցան 109րդ Քոնկրէսէն ներս երկու կուսակցութիւններէ բազմաթիւ ծերակուտականներ եւ քոնկրէսականներ, որոնց գրաւոր թէ բերանացի կերպով հարցումներուն իր պատասխաններուն մէջ, Հոկլընտ հարցականի տակ առաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն:
Վերջերս, ինչպէս հաղորդած էինք երէկ, Յանձնախումբի կատարած հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, որ ամերիկահայերու 97 տոկոսը դէմ է Հոկլընտի նշանակումին:
Անկախ ծերակուտական Մենենտէզէն, Ծերակոյտի մեծամասնութեան նոր ղեկավար Հէրի Ռիտ անցնող Դեկտեմբեր 1ին, իր կարգին կոչ ուղղեց նախագահին, որ ետ քաշէ Հոկլընտի թեկնածութիւնը եւ նոր թեկնածու մը առաջարկէ Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին, ընդգծելով, որ Հոկլընտի նշանակումը ոչ ամերիկեան շահերուն եւ ոչ ալ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններուն օգտակար է:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անդամներու կէսէն աւելին, ինչպէս նաեւ աւելի քան 60 քոնկրէսականներ ընդդիմացած են Հոկլընտի նշանակումին, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած՝ նախկին դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրումին պարկեշտ բացատրութիւն չտալու պետական քարտուղարութեան կեցուածքին նկատմամբ:
Աւելցնենք նաեւ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղեց ամերիկահայերուն, որպէսզի իրենց շրջանի քոնկրէսականի գրասենեակին դիմեն, պահանջելով, որ ան զօրակցի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Այս ուղղութեամբ Յանձնախումբը դիւրացուցած է գործընթացը, իր կայքէջին վրայ յատուկ տուփիկ մը հաստատելով, ուր կարելի է այցելել եւ յատուկ պատրաստուած նամակ մը յղել ձեր ընտրաշրջանի քոնկրէսականին: Յանձնախումբի կայքէջի հասցէն է. www.anca.org: