ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու միութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի բնութեան պահպանութեան ամպիոնին նոր սարքաւորումներ նուիրած է:
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի ուսումնական վարչութեան պետ Հրանդ Ժամհարեանին, նուիրուած սարքերը պիտի տեղադրուին համալսարանի կենսաբանութեան, քիմիագիտութեան, տեղեկատուութեան եւ աստուածաբանութեան մասնաշէնքերուն մէջ:
Նշենք, որ անցեալ տարի նոյն ամպիոնին Ճարտարագէտներու միութիւնը տրամադրած էր նաեւ համակարգիչ: