ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց նախագահութեան իր թեկնածութիւնը դնելու ծերակուտական Ճան Էտուըրտզի որոշումը: Էտուըրտզ անցեալին միշտ զօրակցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերուն:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սպիտակ տուն կրնայ հասնիլ ամերիկահայութեան բարեկամ մը: «Յառաջիկայ ամիսներուն, մինչ թեկնածուներու անունները կը յստականան թէ՛ Հանրապետական եւ թէ Դեմոկրատ կուսակցութիւններու պարագային, յուսալից ենք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յստակացնէ իր տեսակէտները ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ», աւելցուց ան:
Ծերակոյտէն ներս, Էտուըրտզ միշտ զօրակցած է Ցեղասպանութեան եւ այլ հայանպաստ բանաձեւերու: 2004ին, իր փոխնախագահական ընտրապայքարի ընթացքին, Էտուըրտզ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ հանդիպումի մը ընթացքին շեշտած էր, թէ Ամերիկայի համար կարեւոր է Հայաստանի կողքին կենալը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը: