ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի հարցերու օգնական Տէնիըլ Ֆրիտի հետ հարցազրոյցէ մը հատուածներ:
Ֆրիտ ըսած է, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածը պէտք է փոխուի։ «Այսպիսի յօդուած մը դէմ է այսօրուան ժողովրդավար Թուրքիոյ ստեղծած պատկերին», ըսած է ան։ Ֆրիտ հարց տուած է, թէ ո՞վ է ան, որ նախատած է թուրք ժողովուրդը՝ Հրանդ Տի՞նքը, թէ զայն սպաննողը:
Ֆրիտ դիտել տուած է, որ Տինք բնաւ նախատած չէ թուրք ժողովուրդը եւ ան այսօրուան Թուրքիոյ ամէնէն փայլուն երեսներէն մէկը կը ցոլացնէր, ներկայանալով իբրեւ Թուրքիոյ բազմամշակոյթ դիմագիծի մէկ խորհրդանշանը։ Ան աւելցուցած է, որ Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին գործածուած «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք. բոլորս հայ ենք» կարգախօսը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ է բարոյական տարր մը, զայն նմանցնելով ամերիկեան այն շարժումին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ վերջ տալ սեւամորթներու խտրականութեան:
Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն ու ըսած է, որ Թուրքիա պէտք է կապ հաստատէ Հայաստանի հետ: «Թուրքիա ուժեղ երկիր է, իսկ Հայաստան՝ աւելի տկար. Թուրքիա պէտք է ձեռք երկարէ Հայաստանի: Ասիկա հաշտ կ՚ըլլայ Հրանդ Տինքի պաշտպանած գսղափարներուն», յայտնած է Ֆրիտ։
Գալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին, ան ըսած է, թէ Թուրքիա պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը։ «Ասիկա պէտք է ընէ ո՛չ թէ անոր համար, որ Քոնկրէսը կամ ուրիշներ ու հայեր կը պահանջեն ատիկա, այլ պէտք է ընէ իր սեփական ժողովուրդին համար», եզրակացուցած է ան: