ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկացի քաղաքական մեկնաբան Մայքըլ Ռապին «Լիպըրըլ ռիսք» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը մէջ հասած է այն եզրակացութեան, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս զինուորական յեղաշրջումի մը վտանգը չկայ։
Այնուհանդերձ, ան կը քննադատէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլը, պնդելով, որ անոնք ստեղծած են սահմանադրական տագնապ մը։
Ռապին յօդուածին մէջ կը նշէ վերջին շրջաններու տագնապալից հարցերը, ինչպէս՝ հրապարակներու վրայ կայացած հանրահաւաքները, սահմանադրական տագնապները, Սահմանադրական ատեանին որոշումները, սպայակոյտին նախագահութեան հաղորդագրութիւնները եւ կ’ընդունի, թէ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգավիճակը վտանգուած է։
Ըստ Ռապինի, եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն անդամ մը հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, այդ պարագային Թուրքիա կ՚ունենայ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարին նման նախագահ մը: Այսպիսի հաւանականութիւն մը այն կասկածները յառաջացուցած է, թէ Թուրքիոյ բանակը կրնայ միջամտել ու պետական նոր հարուած մը իրականացնել, սակայն այդ մէկը անհաւանական կը նկատուի յօդուածագրին կողմէ: «Թուրքիոյ մէջ այլեւս զինուորական յեղաշրջում պիտի չպատահի, որովհետեւ հասարակական կազմակերպութիւնները ի վիճակի են պայքարելու նմանօրինակ տագնապներու դէմ», կը գրէ ան։
Ամերիկացի մեկնաբանին համաձայն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը աւելի վտանգաւոր է, քան թէ թրքական բանակը։