ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 3ին հաղորդեց, թէ Հինգշաբթի օր չորս ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են երկու անջատ յարձակումներու ընթացքին, մինչ նախագահ Ճորճ Պուշ կ’ընդունէր, թէ ամերիկեան ուժերը «շատ դժուար Օգոստոս մը» պիտի դիմագրաւեն: Զինուորներէն երեք սպաննուած էին Պաղտատի արեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերը կը ճակատին սիւննի եւ շիի զինեալ կազմակերպութեանց անդամներուն դէմ: Անոնց կողքին վիրաւորուած են 11 զինուորներ:
Երկրին քաոսային կացութիւնը որոշ չափով բարելաւելու նպատակով 30,000 ամերիկացի զինուորներ միացած են Իրաքի մէջ գտնուող ուժին, սակայն նոր արշաւը նաեւ զոհերուն թիւը զգալիօրէն բարձրացուցած է:
Արդարեւ, Մայիս ամիսը ամենաարիւնալի ամիսներէն մէկը եղաւ ամերիկեան ուժերուն համար, որոնք 126 զոհ տուին, մինչ Ապրիլին եւ Յունիսին, աւելի քան 100 զինուորներ եւս սպաննուեցան: Յուլիսը համեմատաբար նուազ արիւնալի էր: Մինչ նախապէս հաղորդուեցաւ, թէ 74 ամերիկացի զինուորներ սպաննուած էին Յուլիս ամսուան ընթացքին, վերատեսութեան ենթարկուած տուեալները ցոյց տուին, որ 81 ամերիկացի զինուորներ զոհ գացած են այդ ամսուան ընթացքին: