ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ յեղափոխականներու հարցը քննելու նպատակով Երեքշաբթի, Յունուար 30ին Թուրքիա ժամանեց ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ճոզէֆ Ռալսթըն, որ իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու հետ:
Երեքշաբթի օրուան հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին ան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի հետ:
Թուրքիա խստօրէն կը քննադատէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի իշխանութիւնները, անբաւարար գտնելով քիւրտ անջատողականները զսպելու նպատակով անոնց առած քայլերը:
Անգարա մտահոգ է նաեւ ներկայիս քրտական հակակշռին տակ գտնուող եւ քարիւղով հարուստ Քէրքուքի ճակատագրով: