ԱՆԳԱՐԱ, «Թամսըն Ֆայնէնշըլ».- Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Քէթրին Շալօ Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին քննադատեց անցեալ շաբաթ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի մը նախագիծին ստորագրութիւնը, զայն «ոչ խելացի» քայլ մը որակելով:
Բանբերը յայտնեց, թէ Իրանէն ու Թիւրքմէնիստանէն բնական կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա հասցնելու համաձայնագրին նախագիծին ստորագրութիւնը անտեղի է յատկապէս այս օրերուն, երբ միջազգային համայնքը կը փորձէ Իրանը մեկուսացնել երկրին հիւլէական ծրագրին հարցով ծագած տագնապին պատճառով:
Համաձայնագրին նախագիծը լուսարձակներէ հեռու ստորագրուած էր Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Հիլմի Կիւլէրի ու Իրանի քարիւղի նախարար Քազեմ Վազիրի Համանէի միջեւ:
Հակառակ Ուաշինկթընի ընդդիմութեան, Թուրքիա արդէն իսկ իրանեան բնական կազի կարեւոր յաճախորդներէն մէկը կը նկատուի: