ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Քերպալայի մէջ ձերբակալուած է իրաքցի մը, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մասնայատուկ ուժին՝ «Քուտս»ի հետ կապեր ունի։
Ամերիկացիները կը կարծեն, թէ ան վերոնշեալ ուժին հետ կը գործակցէր զինեալներ Իրանի մէջ անոր մարզումի կեդրոնները փոխադրելու համար։ Կը կարծուի նաեւ, որ ան Պաղտատի մէջ ահաբեկիչներու օժանդակութիւն տրամադրած է։
Ամերիկացի պաշտօնատարներ յաճախ «Քուտս»ը ամբաստանած են իրաքցի զինեալներ մարզելու եւ զինելու յանցանքով, սակայն Թեհրան կը հերքէ նման ամբաստանութիւններ։
Երկու շաբաթ առաջ Ուաշինկթըն յայտնեց, որ Իրաքը ապակայունացնելու այդպիսի ջանքեր կրնան պատճառ հանդիսանալ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը նկատեն։
Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հաղորդագրութիւնը նշեց, որ շիի սրբազան քաղաք Քերպալայի մէջ ներխուժումը տեղի ունեցած է երկու ձերբակալեալներու կողմէ ամերիկեան ուժերը խնդրոյ առարկայ անձին բնակարանը առաջնորդելէն ետք։
Զինուորները գրաւած են համակարգիչի կազմածներ, հաղորդակցութեան սարքեր եւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք կրնան «Իրաքի մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կատարած գաղտնի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններու առաջնորդել»։