ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Սոմալիի խորհրդարանի անդամ մը Երեքշաբթի, Յունուար 9ին հաղորդեց, թէ ամերիկեան ուղղաթիռներ ռմբակոծած են «Քայիտա»ի դիրքեր նկատուող կեդրոններ, սպաննելով առնուազն 27 քաղաքայիններ: Ռմբակոծումը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր երկու օրերու ընթացքին: Երկուշաբթի օր տեղական աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ 1993էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան ռազմական օդանաւ մը մայաքաղաքէն 220 մղոն հարաարեւմուտք գտնուող թիրախ մը ռմբակոծած էր, սպաննելով առնուազն չորս քաղաքայիններ:
Ուաշինկթըն մերժեց հաստատել այս տեղեկութիւնները, սակայն ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ առնուազն մէկ ռազմական օդանաւ Սոմալիի մէջ գործողութիւն մը կատարած է Երկուշաբթի օր, առանց մանրամասնելու:
Սոմալիի ժամանակաւոր կառավարութեան ուժերը եթովպիական զօրամասերուն օգնութեամբ գրաւելու վրայ են երկրին Իսլամական ատեաններու խորհուրդի համակիր զինեալներուն վերջին խարիսխը:
Իսլամական ուժերը այժմ կեդրոնացած են երկիրի հարաւային ծայրամասին՝ Ռաս Քամպոնիի անտառին մէջ, պաշարուած՝ Քենիոյ սահմանին աչալուրջ հսկող քենիական բանակին, ծովեզերքը խիստ հսկողութեան տակ պահող ամերիկեան ծովուժին եւ հիւսիսէն ու հիւսիսարեւելքէն յարձակող պետական ու եթովպիական ուժերուն կողմէ:
Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներէն ետք ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտարարած էին, որ հոն կը գտնուի «Քայիտա»ի գաղտնի խարիսխ մը: Այժմ կը կարծուի, որ խարիսխի պաշտպանութիւնը եւ Իսլամական ատեաններու խորհուրդին հրամանատարութիւնը ստանձնած են 1998ին արեւելեան Ափրիկէի մէջ ամերիկեան դեսպանատուներու ականահարումներուն մասնակցած «Քայիտա»ի անդամներ:
Միւս կողմէ՝ Սոմալիի նախագահ Ապտուլլահի Եուսուֆ իր պաշտօնին ստանձնումէն ի վեր (2004) աննախընթաց այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Մոկատիշու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մայրաքաղաքի ցեղախումբերու պետերուն հետ:
Նկարին մէջ, սոմալցի զինուորներ մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ: