ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Իրաքի մէջ ամերիկեան պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ։
«Էֆ. 16» տիպի օդանաւը բազմազգեան ուժերու հետեւակազօրքի գործողութեան մը կ’օգնէր, երբ ջախջախուեցաւ Անպար նահանգին մէջ, հաստատեց ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը։
Ականատեսներ միջազգային լրատու գործակալութիւններու ըսին, որ օդանաւը վերիվայրումներու ենթարկուելէ ետք գլուխն ի վար ինկած ու պայթած է։
Այլ ամերիկեան օդանաւեր փութացին արկածին վայրը եւ թռիչքներ կատարեցին անոր շուրջ, մինչեւ որ հասնին ցամաքային ուժերը։
Մինչ «Ճէզիրա» արաբական կայանը հաղորդեց, թէ օդաչուն մահացած է, ամերիկեան աղբիւրներ չհաստատեցին այդ տեղեկութիւնը:
Միւս կողմէ՝ Իրաքի մէջ գործող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Կիրակի օր մայրաքաղաքին մէջ սպաննուած են երեք ամերիկացի զինուորներ եւ վիրաւորուած՝ երկու ուրիշներ։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ՍՊԱ՞ՆԴ
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերը գործած են նոր ջարդ մը: Իրաքեան ոստիկանութիւնն ու ականատեսներ միջազգային լրատուամիջոցներու ըսին, որ Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ամերիկացի զինուորներ սպաննած են 11 քաղայիններ եւ վիրաւորած՝ բազմաթիւ ուրիշներ:
Այս յայտարարութիւնները կատարած ոստիկաններն ու քաղաքայինները խնդրած են չբացայայտել իրենց ինքնութիւնը՝ պնդելով, որ իրենց կեանքը վտանգի տակ պիտի ըլլայ, եթէ ամերիկացիք իմանան…
«Մեր բնակարանը նստած էինք, երբ ամերիկացիները անակնկալօրէն յայտնուեցան թաղին մէջ եւ սկսան կրակել տուներուն վրայ: Անոնք սպաննեցին շատերը եւ հրկիզեցին բազմաթիւ շէնքեր», ըսաւ վիրաւորներէն մէկը:
Դէպքը պատահեցաւ Հիւսէյնիայի մէջ, որ Պաղտատի հիւսիս արեւելքը գտնուող արուարձան մըն է:
Ամերիկեան ուժերու հանրութեան հետ կապի պատասխանատուները մերժեցին հաստատել այդ լուրերը:
Երկուշաբթի օր, շրջանի հարիւրաւոր շիիներ մասնակցեցան 11 զոհերուն յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ Պաղտատի Սատր թաղամասին մէջ: Յուղարկաւորները յայտնեցին, որ արարողութիւնը հոն կը կատարուի, որովհետեւ զոհերը կրօնապետ Մոքթատա Սատրի համակիրներէն էին:
ԻՏԱԼԻԱ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՎԵՐՉ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐԱՔԻ ՄԷՉ ԻՐ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ
Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երեքշաբթի օր Լաթվիոյ մէջ կը յայտարարէր, թէ ամերիկեան ուժերը Իրաք պիտի մնան «մինչեւ յաղթանակ»ի ապահովումը, Լեհաստան եւ Իտալիա յայտարարեցին, որ վերջ պիտի տան Իրաքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութեան, իսկ Մեծն Բրիտանիա վերահաստատեց, որ պիտի կրճատէ հոն գտնուող իր զինուորներուն թիւը։
Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքի ըսաւ, որ 2007ի տարեվերջէն առաջ Իրաքէն պիտի հեռանան հոն գործող 900 լեհ զինուորները։
Իտալիոյ վարչապետ Ռոմանօ Փրոտի յայտարարեց, որ այս շաբաթ վերջ պիտի տրուի Իրաքի մէջ Իտալիոյ զինուորական ներկայութեան, որ տեւեց երեք տարի։ Իրաք մնացած վերջին իտալացի զինուորները՝ շուրջ 60-70 հոգի, հայրենիք պիտի վերադառնան այս շաբաթ։
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Տէն Պրաուն յայտնեց, որ Լոնտոն կը նախատեսէ յառաջիկայ տարեվերջէն առաջ Իրաքէն դուրս բերել հոն գործող իր եօթը հազար զինուորներուն մեծ մասը։
«Ըսինք, որ մենք եւ իրաքցիները կը յուսանք, որ իրաքեան ուժերը Յունուարին ի վիճակի ըլլան ստանձնելու Մայսան նահանգին ապահովութիւնը», ըսաւ ան։ Մայսան հարաւային Իրաքի մէջ Իրանի սահմանակից նահանգ մըն է, որուն մէջ ապահովութիւնը ստանձնած են բրիտանական ուժերը։
Պրաուն նաեւ յիշեցուց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի անցեալ շաբթուան այն յայտարարութիւնը, թէ Լոնտոն կը յուսայ, որ իրաքեան ուժերը 2007ի գարնան պատրաստ ըլլան ստանձնելու նաեւ հարաւային Պասրա քաղաքին ապահովութիւնը։
Նախարարը ըսաւ, որ եթէ այս նախատեսութիւնները իրականանան, ապա Լոնտոն ի վիճակի պիտի ըլլայ կրճատելու Իրաք գտնուող իր զինուորներուն թիւը։