«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ 28 Դեկտեմբերին, Արցախի կառավարութեան կեդրոնատեղին ներկայացաւ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքով, զոր կը փնտռէին օր մը առաջ օդկայանին դիմաց բողոքելու եկած խումբ մը արցախցիներ։
Կառավարութիւնը ոչ մէկ յայտարարութիւն հրապարակեց այն մասին, թէ ի՛նչ քննարկում կատարուած է: Լրատուական ծառայութիւնը չհերքեց, ոչ ալ հաստատեց հանդիպումի կայացումը:
Արցախի նախագահական Արայիկ Յարութիւնեան 28 Դեկտեմբերին տեղեկացուց երկու այլ հանդիպումներու մասին:Ան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն ունեցաւ, ապա քննարկում՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս երկու հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան: Ըստ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան` քննարկուեցան շրջափակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական հարցերը եւ ներքին ու արտաքին ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Այլ մանրամասնութիւններ չկան:
Մինչ այդ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ արդէն 17րդ օրն ըլլալով:
28 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ, Արցախէն 3 ծանր հիւանդներ տեղափոխուեցան Երեւան Կարմիր Խաչի հիւանդատարով:
Կարմիր Խաչի` հիւանդները Երեւան տարած հիւանդատարները Ստեփանակերտ վերադառնալու ընթացքին իրենց հետ որոշ քանակութեամբ դեղորայք ու բժշկական իրեր բերին: Արցախի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ այժմ կան 11 հիւանդներ, 5ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ
Այս բոլորին զուգահեռ, աւելի շեշտուած կերպով կը տիրապետէ ուտելիք պակասը։ Համբարձումեաններու տան սառնարանին մէջ հիմա միայն քանի մը պահածոյ մնացած է, խանութներուն մէջ ոչինչ կայ, տան մէջ կ՛ապրին 5 անչափահաս մանուկներ: «Ամէն ինչ պակաս է, ոչ մի բան էլ չկայ: Ներկայ պահին պեսոկ չունենք, ձէթ չունենք, կարտոֆիլ չկայ, խանութները սաղ դատարկ են», կ՛ըսեն անոնք:
Ամանորեայ որեւէ նախապատրաստութիւն, բնականաբար չկայ, ոչ տրամադրութիւն կայ, ոչ ալ՝ ուտելիք: Հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող յանձնաժողովը դիտարկում կատարեց 23 մեծ առեւտուրի կեդրոններու մէջ, որոնց ոչ մէկուն մէջ կայ պտուղ, բանջարեղէն, ձէթ, շաքար, հնդկաձաւար, ոսպ, աղ, երշիկ, նրբերշիկ, հաւկիթ եւ այլն:
Արցախի կառավարութիւնը որոշեց սննդամթերքը եւ ուժանիւթը խնայելու համար սահմանափակել հանրային ուտելիքի ծառայութիւնները` բազմամարդ հանդիսութիւնները, հարսանիք, ծնունդ եւ կնունք պէտք է չեղարկուին կամ յետաձգուին:
Ռուս խաղաղապահները իրենց ամէնօրեայ զեկուցումին մէջ յայտնեցին, որ կը շարունակեն բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբայով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ երթեւեկին վերսկսելու վերաբերեալ: