ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի՝ Հայաստանի մէջ գործադրուող չքաւորութեան կրճատման եւ տնտեսական աճի եռամեայ ծրագիրը կ’աւարտի 2008ի Մայիսին, որմէ յետոյ պիտի քննուի ԱՄՀ-Հայաստան գործակցութեան շարունակութեան հնարաւորութիւնը: Այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Դեկտեմբեր 13ին նշեց Հայաստանի մէջ ԱՄՀ մշտական ներկայացուցիչ Նինքէ Օմէսը: Հաւանական է, որ եթէ գործակցութիւնը շարունակուի, ապա այն ըլլայ խորհրդատուական եւ վարկային բաղադրիչ չունենայ: Եթէ կառավարութիւնը համաձայնի նման ձեւաչափով գործակցութեան, ապա ԱՄՀը իւրաքանչիւր 6 ամիսը մէկ կ’իրականացնէ երկրի տնտեսական իրավիճակի ուսումնասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.