ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Ամերիկայի փոխդեսպան Էնթընի Կատֆրի երէկ դեսպանատան մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Մ. Նահանգներու Քոնկրէսի ընտրութիւններուն արձանագրուած արդիւնքները Հայաստանի նկատմամբ վարուող քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն պիտի չմտցնեն:
Կատֆրի լրագրողներուն ըսաւ. «Արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ գործադիր իշխանութիւնն է, որ մեծ լիազօրութիւններ ունի: Պէտք է սպասել ու տեսնել, թէ նոր Քոնկրէսը ինչ պիտի ընէ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հանդէպ վարուող քաղաքականութեան, ԱՄՆի վերաբերմունքը չէ փոխուած, թէեւ արդէն կայացած են քանի մը ընտրութիւններ: ԱՄՆի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման ու կայացման»:
Ընդհանրապէս ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան հնարաւորութեան մասին հարցումի մը, Էնթընի Կատֆրի պատասխանեց, որ «արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս ամերիկեան քաղաքականութիւնը Իրաքի հարցին մէջ ընտրապայքարի խնդիր է, ապագան ցոյց պիտի տայ»:
Ներկայ դրութեամբ, Դեմոկրատ կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներւ տան մէջ: Կ’ակնկալուի, որ Նենսի Փելոսին կը դառնայ պալատի խօսնակ, փոխարինելով Տենիս Հէսթըրթը:
Է. Կատֆրի նաեւ համոզում յայտնեց, որ խորհրդարանականները չեն պահանջեր Ճորճ Պուշի հրաժարականը: Իր խօսքերով, ԱՄՆի պատմութեան մէջ ամենաարդիւնաւէտ ժամանակահատուածը եղած է այն, երբ «հանրապետականները Սպիտակ տան մէջ եղած են, իսկ դեմոկրատները՝ Քոնկրէսին»:
Փոխդեսպանը հաղորդեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին Ռիչըրտ Հոկլընտէն բացի այլ թեկնածու չի քննարկուիր: Թէեւ երկրորդ ամիսն է, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆի դեսպան չկայ (նախկին դեսպան Ճան Էւընզը ետ կանչուած է), բայց, Է. Կատֆրիի խօսքերով, դեսպանատունը կը գործէ մեծ անձնակազմով, եւ մէկ մարդու կողմէ չէ, որ կ’իրականացուի ԱՄՆի քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ:
Կատֆրի ըսաւ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կ’ապրին քանի մը հարիւր ամերիկացիներ, որոնք սակայն կը քուէարկեն յատուկ սահմանուած կարգով: