ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական գործակցութեան գրասենեակը Փետրուար 3ին Հայաստանի բանակին յատկացուց 1.2 միլիոն տոլար արժողութեամբ արդիական բժշկական սարքաւորումներով եւ ջեռուցման համակարգով օժտուած շարժական դաշտային հիւանդանոց:
Հիւանդանոցը կարելի է տեղադրել որեւէ վայրի մէջ եւ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել զինուորներուն: Շարժական հիւանդանոցին մէջ աշխատելու համար 43 բժիշկներ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական գործակցութեան գրասենեակի աջակցութեամբ, մէկ շաբաթեայ դասընթացքներ պիտի անցնին՝ ուսումնասիրելով դաշտային եւ կայազօրային հիւանդանոցներու աշխատանքի մանրամասնութիւնները:
Պաշտապանութեան փոխնախարար, զօրավար Արթուր Աղաբէկեանի խօսքերով՝ դաշտային հիւանդանոցներու շնորհիւ հնարաւորութիւն պիտի տրուի զանազան վայրերու մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել զինուորներուն. «Շուտով խաղաղապահ գումարտակի կազմի մէջ, որպէս առանձնացուած ստորաբաժանում, կ’ընդգրկուի այս դաշտային հիւանդանոցը: Մեր մասնագէտները ուսումնասիրութիւններ են կատարել եւ եկել այն համոզման, որ մեզ պէտք է նման կարողութիւններով օժտուած շարժական հիւանդանոց», ընդգծեց Ա. Աղաբէկեան:
Ըստ փոխնախարարի՝ առայժմ բացուած է շարժական հիւանդանոցի միայն այն մասը, ուր պէտք է շտապ բժշական օգնութիւն կազմակերպուի եւ վիրաբուժական գործողութիւններ ըլլան: Անհրաժեշտութեան պարագային, հիւանդանոցը կը գործէ ամբողջութեամբ, հնարաւորութիւն ընձեռնելով միաժամանակ ընդունիլ մինչեւ 250 հիւանդ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրիի հաստատումով, հիւանդանոցը Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ կ’աշխատի, քանի որ կան վերապատրաստուած համապատասխան մասնագէտներ:
ԱՄՆ պաշտպանական գործակցութեան գրասենեակի ղեկավար Փեթըրսընի խօսքերով, «այս միջոցառումը նշանաւորում է Հայաստանի եւ ԱՄՆ զինուած ուժերի միջեւ լուրջ ռազմաբժշկական համագործակցութիւնը» եւ աւելցուց, որ շարժական հիւանդանոցի համար պատուիրուած են նոր սարքեր, որոնք Հայաստան պիտի բերուին 2007ի վերջաւորութեան կամ 2008ի սկիզբը: