ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը վերահաստատեց նախորդ տարի կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները դէմ չէ, որպէսզի Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէակայանը փոխարինուի նորով:
«Համաձայն ենք, բոլորս էլ համամիտ ենք այն հարցում, որ Մեծամօրի հիւլէակայանը, որն այնքան էլ անվտանգ չէ եւ բաւական երկար տարիներ շահագործւում է, փոխարինուի», Յունիս 15ին դեսպանատան մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրի: Ան աւելցուց նաեւ, որ այս հարցով լաւագոյն մօտեցում ցուցաբերելու համար դեսպանատունը Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութեան հետ կ’աշխատի արհեստագիտական եւ տնտեսական հիմնաւորումը մշակելու ուղղութեամբ:
Կատֆրի ըսաւ նաեւ, թէ իր երկիրը կ’աջակցի Հայաստանին՝ ուժանիւթի ապահովութեան հարցով եւ կը գիտակցի այս հարցով Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրներուն. «Չնայած ԱՄՆի ուժանիւթի նախարարութիւնը, աշխատելով Հայաստանի կառավարութեան հետ, զգալիօրէն աջակցել է գործող հիւլէակայանի անվտանգութեան մեծացման աշխատանքներին, այնուհանդանդերձ, դեռեւս չի կարելի ասել, որ հիւլէակայանն անվտանգ է: Հայաստանի կառավարութեան մեր գործընկերները համամիտ են, որ Հայաստանը պէտք է արագ քայլեր ձեռնարկի, որպէսզի արդէն բաւական երկար ժամանակ շահագործուած հիւլէակայանը փոխարինուի», ընդգծեց Կատֆրի: