ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Օգոստոս 3ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ռազմական դաւանանքի նախագիծի մշակման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը, պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ:
Ըստ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեանի, նիստի ընթացքին ամփոփուեցան ռազմական դաւանանքի նախագիծի մշակման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, քննուեցան եւ համակարգուեցան յանձնաժողովի անդամներու նկատառումները եւ առաջարկները:
Նիստի աւարտին, որոշումներ տրուեցան յանձնաժողովի հետագայ կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերեալ եւ յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Մ. Յարութիւնեանի կողմէ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ: