Վերջերս մօտաւորապէս հինգ հազար ատրպէյճանցիներ քրիստոնէութիւն ընդունած են, կը հաղորդէ «Օլայլար» խմբակը, որ կը զբաղի Ատրպէյճանի մէջ քրիստոնէութեան տարածումով։
Ըստ տարածուած լրատուութեան, ատրպէյճանցիները քրիստոնէութիւն կ՚ընդունին ոչ միայն շրջաններուն, այլ նաեւ Պաքուի շուրջ գտնուող գիւղերուն մէջ։
Հետաքրքրական է, որ հիմնականին մէջ քրիստոնէութիւն կ՚ընդունին անոնք, որոնք «անարդարութեան հանդիպած են իրենց աշխատանքի վայրին մէջ»։