ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժին դէմ արտայայտուած պետութիւններէն մէկն էր Իտալիան, որու վարչապետ Ռոմանօ Փրոտի ըսաւ, որ իր երկիրը ՄԱԿի մօտ նոր արշաւ պիտի կազմակերպէ, որպէսզի ամբողջ աշխարհի վրայ արգիլուի մահապատիժը։ Ան ըսաւ, որ ո՛չ մէկ ոճիր կրնայ արդարացնել ուրիշի մը դէմ այլ ոճիրի մը գործադրութիւնը։
Մուսոլինիի թոռնուհին՝ Ալեքսանտրա Մուսոլինի, որ ներկայիս աջակողմեան երեսփոխան է, «ամօթալի» ու «նողկալի» որակեց Սատտամի մահապատիժի գործադրութիւնը։ Իսկ նախկին Վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի դիտել տուաւ, որ այս մահապատիժը քաղաքական ու պատմական սխալ մըն էր։
Իտալացիներու այս յայտարարութիւնները բնականաբար զայրացուցին Իրաքի իշխանութիւնները, որոնք կը պայքարին Սատտամի մահապատիժին արձանագրութեան հրապարակման ստեղծած գայթակղութիւնը լուծելու համար։