ԻՐԱՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԶԱՐԿ ՏՈՒԱԾ Է ԻՍԼԱՄ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան «Նիւ Եորք թայմզ» թերթը Կիրակի, Սեպտեմբեր 24ին բացայայտեց գաղտնի մնալու նպատակով պատրաստուած Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեանց միացեալ տեղեկագրէն հատուածներ, ուր անգամ մը եւս կը շեշտուի, թէ Իրաքի եռամեայ պատերազմը սրած է ահաբեկչութեան վտանգը եւ նպաստած է իսլամ ծայրայեղականութեան տարածումին եւ ծաւալումին։
ՊԱՊԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԶՍՊԵԼ
ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Վատիկանի մէջ իսլամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին, Պենետիքթ ԺԶ. պապը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին յայտնեց, թէ կը վստահեցնէ, որ իսլամներուն նկատմամբ ամբողջական եւ խորունկ յարգանք կը տածէ եւ կը ցանկայ, որ իրաւ ու անկեղծ երկխօսութեան մը ընդմէջէն վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները զարգանան։ Պապ նաեւ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն կոչ ուղղեց վայրագութիւնները մերժելու։
ՔԻՒՐՏ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔ ՍՊԱՅ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ
ԹՈՒՆՉԵԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ապահովական աղբիւրները Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին հաղորդեցին, թէ Մարտինի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ յեղափոխականներու հետ զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին սպաննուած է թուրք սպայ մը:
Քիւրտ յեղափոխականները Երկուշաբթի օր նաեւ ստանձնեցին Շաբաթ օր Իգդիրի ոստիկանատան առջեւ տեղի ունեցած պայթումին պատասխանատուութիւնը: Պայթումին հետեւանքով 12 հոգի վիրաւորուած էր:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ «ՄԵԾ ՅՈՅՍԵՐ ԿԱՆ»
ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ ըսաւ, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերը վառ կը մնան, եւ անհիմն նկատեց այն շշուկները, թէ նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ բանակցութիւնները յաջողելու յոյս չունին:
Յայտնենք, թէ բանակցութիւնները դադրած էին շաբաթ մը առաջ՝ նկատի ունենալով, որ Ապպաս պիտի մեկնէր Նիւ Եորք՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար։
Պաղեստինցիները կ՚ուզեն ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի վերջ դրուի պաղեստինեան իշխանութեան դէմ հաստատուած միջազգային շրջափակումին, որ Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի տնտեսական եւ ապահովական վիճակը զգալիօրէն վատթարացուցած է:
Օժանդակութիւնները սառեցուած էին, երբ «Համաս» իշխանութեան եկած էր Մարտին։ Արեւմուտքը «Համաս»էն կը պահանջէ ճանչնալ Իսրայէլը, զինեալ պայքարէն հրաժարիլ եւ ընդունիլ նախապէս պաղեստինեան իշխանութեան ստորագրած համաձայնագիրները։
ՊԸՆ ԼԱՏԷՆ ՈՉ Ե՞ՒՍ Է
ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, թէ փաստեր չունի, որ «Քայիտա»ի ղեկավար Ուսամա պըն Լատէն մահացած է։ Շաբաթավերջին, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա իրենց կարգին յայտարարած էին, թէ պըն Լատէնի մահուան մասին լուրը չեն կրնար հաստատել։
Ֆրանսական թերթ մը մէջտեղ նետած էր պըն Լատէնի մահուան լուրը՝ իր տեղեկութիւնները քաղելով Ֆրանսայի գաղտնի սպասարկութեանց մէկ աղբիւրէն, որ թերթին ըսած էր, թէ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները ստոյգ տեղեկութիւններ ունին Պըն Լատէնի մահուան վերաբերեալ։