Նորվեկիոյ Քրակերօ քաղաքի տեղական իշխանութիւնը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Արդարեւ, Քրակերոյի քաղաքապետական խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քաղաքապետ Լալանտ եւ փոխքաղաքապետ Ճէնսըն, Լոնտոնի մէջ Դեկտեմբեր 3ին կատարեցին այս առնչութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն մը:
Բրիտանահայ գաղութի անդամներու «Քրակ» (Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու արշաւ) յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկին պատուիրակութիւնը կարդաց Քրակերոյի քաղաքային խորհուրդի միաձայնութեամբ որդեգրած յայտարարութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ՝ «այն վայրագութիւնները, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը, պէտք է ճանչցուին իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
Քաղաքային խորհուրդի որոշումով նաեւ զետեղուած է յուշարձանը Պոտիլ Քաթարինա Պիորնի, որ իր կեանքէն երեսուն տարիներ նուիրած է օգնելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայերուն: Ան նաեւ ականատես եղած է Ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք հայոց դէմ գործուած ջարդերուն: