ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».-Այսօր, Յունիս 26ին, պիտի շարունակուի Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը՝ օրակարգին ունենալով կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրի հաստատումը:
Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած կառավարութիւնը իր գործունէութեան ծրագիրը հաստատած էր Յունիս 21ի նիստին: Ըստ ծրագիրին, մինչեւ 2012ը Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած պիտի ըլլան քաղաքացիական հասարակութիւն, ժողովրդավարութիւն, ժողովուրդը պիտի վստահի իշխանութիւններուն, հաստատուած պիտի ըլլայ ընկերային արդարութիւն եւ այլն: