ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այսօր, Հոկտեմբեր 2ին, Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ բացումը պիտի կատարուի մինչեւ 20 տարեկան ճատրակիստներու աշխարհի ախոյեանութեան: Հայաստանէն ախոյեանութեան կը մասնակցին 12 տղաք եւ 10 աղջիկներ:
Ախոյեանութիւնը կազմակերպուած է 13 փուլով եւ կ’եզրափակուի Հոկտեմբեր 17ին: