ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Armenian Technology Group կազմապերկութւինը, ամերիկահայ Վաչէ Սողոմոնեանի նիւթական աջակցութեամբ, Յունիս 21-27ին կազմակերպած է «Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան» ամէնամեայ հեծանիւային արշաւը: Այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան փոխտնօրէն Կարէն Յակոբեան եւ նշեց, որ այս տարի արշաւին պիտի մասնակցին 20 հոգի, որոնցմէ 9ը՝ Միացեալ Նահանգներէն:
Հեծանիւային հինգերորդ արշաւը բարեգործական նպատակ ունի եւ հանգանակուած գումարները պիտի տրամադրուին Հայաստանի եւ ԼՂՀի գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներուն: